Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողանի Վարկանիշը Կը Շարունակէ Անկում Արձանագրել

Էրտողանի Վարկանիշը Կը Շարունակէ Անկում Արձանագրել

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ լիրայի օրստօրէ արժեզրկման, գնաճի եւ խորացող տնտեսական անկումին զուգահեռ՝ հետզհետէ կը նուազի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան եւ անոր առաջնորդ՝ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողանի վարկանիշը։ Այդ կը վկայեն շարք մը առաջատար ընկերաբանական ընկերութիւններու կատարած վերջին հարցումները։

«Մեթրոփոլ» ընկերութեան Սեպտեմբեր ամսուայ հարցումներու համաձայն՝ եթէ առաջիկայ կիրակի խորհրդարանական ընտրութիւններ կայանան, ուրեմն քաղաքացիներու միայն 26,6 տոկոսը պատրաստ է ձայն տալ Էրտողանի կուսակցութեան։ Ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը 21,5 տոկոս ձայն կը ստանայ, «Լաւ» կուսակցութիւնը՝ 12,7 տոկոս, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը՝ 9,1, իսկ իշխանական դաշինքին մաս կազմող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը՝ 8,5 տոկոս։

«Մեթրոփոլ»-ը քաղաքացիներուն նաեւ հարցուցած է, թէ որ քաղաքական գործիչին կը համակրին։ Ուշագրաւ է, որ ամէնէն շատ ձայներ՝ 55,5 տոկոս, ստացած է Անգարայի ընդդիմադիր քաղաքապետ՝ Մանսուր Եաւաշը, որուն 47 տոկոսով կը հետեւի ընդդիմութեան Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն։ Երկու գործիչները կը յաւակնին ըլլալ ընդդիմութեան թեկնածուն 2023 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն։ Ամենասիրուած քաղաքական գործիչներու ցանկին երրորդը՝ «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Մերալ Աքշեներն է՝ 43,5 տոկոսով։ Իսկ Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողանին քաղաքացիներու միայն 40,8 տոկոսը հաւանութիւն տուած է, մինչդեռ երեք տարի առաջ՝ 2018-ի նախագահական ընտրութիւններուն ան 52,59 տոկոս քուէ ստացած էր։

Առաջատար շարք մը այլ ընկերաբանական ընկերութիւններու սեպտեմբերեան հարցումներու պարագային ալ գրեթէ նոյն պատկերն էր։

Փորձագէտներու համոզումով՝ իշխանութիւններու հանդէպ քաղաքացիներու անվստահութեան հիմնական պատճառներէն է ընկերային-տնտեսական վիճակի վատթարացումը։ Ամերիկեան «Պլումպըրկ» պարբերականը օրերս հրապարակած յօդուածով վերլուծած է Էրտողանի իշխանութեան ֆինանսական-տնտեսական քաղաքականութիւնը։ Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը կը պատրաստուի նորէն իջեցնել վերաֆինանսաւորման տոկոսադրոյքները՝ այն պարագային, երբ ամբողջ աշխարհին մէջ կը պայքարին գնաճի դէմ ու կ’երթան տոկոսադրոյքներու բարձրացման ճանապարհով։

«Էրտողանը վտանգաւոր խաղ կը խաղայ եւ կը լողայ ալիքներու դէմ», – գրած է «Պլումպըրկ»-ը։

Հասարակական դժգոհութեան աճի ֆոնին Թուրքիա կը քննարկէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման հաւանականութիւնը։ «Ալ Մոնիթոր» պարբերականի սիւնակագիր Ամպերի Զամանը գրած է, թէ թրքական ընդդիմութեան համար ոսկիէ հնարաւորութիւն ստեղծուած է՝ վերջ դնելու Էրտողանի երկարամեայ իշխանութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment