Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Յանձնառու Է Խորացնելու Գործընկերութիւնը Հայաստանի Հետ. Քլաարը՝ Փաշինեանին

ԵՄ-ն Յանձնառու Է Խորացնելու Գործընկերութիւնը Հայաստանի Հետ. Քլաարը՝ Փաշինեանին

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաարը Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Եւրոպական միութեան պատրաստակամութիւնը օժանդակելու տարածաշրջանի վստահութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի հաստատման գործընթացին։

Անդրադառնալով ԼՂ-ի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրին եւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող շարք մը հարցերու՝ զրուցակիցները կարեւորած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի վերսկսումը:

ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ ԵՄ-ը յանձնառու է խորացնելու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ:

Հայաստանի վարչապետը եւ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը մտքեր փոխանակած են երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի շուրջ: Քննարկուած են տարբեր ձեւաչափերով, ներառեալ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի ծիրէն ներս փոխգործակցութեան խթանման հեռանկարները:

ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը Հոկտեմբեր 19-ին Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment