Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶՊՄԿ-ի Նախկին Բաժնետէրը Դատի Տուած Է Նոր Բաժնետէրը Եւ Պահանջած Անօրինական Ճանաչել Կառավարութեան Հետ Գործարքը

ԶՊՄԿ-ի Նախկին Բաժնետէրը Դատի Տուած Է Նոր Բաժնետէրը Եւ Պահանջած Անօրինական Ճանաչել Կառավարութեան Հետ Գործարքը

by MassisPost

Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի (ԶՊՄԿ) բաժնետոմսերու 12,5 տոկոսի սեփականատէր, Ռուսաստանի առողջապահութեան ու ընկերային զարգացման հարցերու նախկին նախարար՝ Միխայիլ Զուրապովը անօրինական կը համարէ ռուս միլիառատէր՝ Ռոման Թրոցենկոյի կողմէ գործարանի 60 տոկոսի ձեռքբերման գործարքը ու դիմած է դատարան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ի դէմս ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի եւ Արդիւնաբերական ընկերութեան դէմ՝ գործարքը անվաւեր ճանաչելու եւ անվաւերութեան հետեւանքներ կիրառելու մասին պահանջով․ այս մասին տեղեկացուցած է «Դատալեքս» տեղեկատուական հարթակը։

Նշենք, որ «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐ ՄԱՅՆԻՆԿ» ՍՊԸ-ի (Սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն) ներկայացուցիչ՝ Արամ Օրբելեանը Civic.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք ճիշդ են տեղեկութիւնները, որ դատարանը հայցի ապահովման միջոց կիրառած է եւ գործարանի խոշոր բաժնետէր Ռոման Թրոցենքոյին պատկանող բաժնետոմսերու 45%-ի վրայ դրուած է արգելանք․ ան պատասխանեց, որ այս պահուն նման տեղեկութիւն չունի եւ դատարանէն կը սպասէ ծանուցման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment