Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Խօսնակ- Երեւանի Ու Անգարայի Միջեւ Որեւէ Կապ Տեղի Չէ Ունեցած

Վարչապետի Խօսնակ- Երեւանի Ու Անգարայի Միջեւ Որեւէ Կապ Տեղի Չէ Ունեցած

by MassisPost

«- Միջանցքային տրամաբանութիւնը ընդունելի չէ հայկական կողմի համար», խօսնակի միջոցով հաղորդած է Հայաստանի վարչապետը այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ նախագահը նախ նշած էր, թէ Հայաստանի վարչապետը իրեն հանդիպման առաջարկ ըրած է, ապա կրկին խօսած է Զանգեզուրի միջանցքի մասին՝ պնդելով, որ հայկական կողմը պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկէ։

Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու, վերահաստատած է Մանէ Գէորգեան, բայց առայժմ Երեւանի ու Անգարայի միջեւ որեւէ կապ տեղի չէ ունեցած։

Մանէ Գէորգեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահի վերջին յայտարարութիւնը նշելով, որ «Հայաստանը կարեւորում է Նոյեմբերի 9-ի եւ Յունուարի 11-ի յայտարարութիւնների պայմանաւորուածութիւնների իրագործումը», ներառեալ՝ հաղորդակցութիւններու բացումը, սակայն «որոշ յայտարարութիւններում հաղորդակցութիւնների վերաբացման թեման վերափոխւում է եւ ստանում տարածաշրջանային մեկուսացման պահպանման տրամաբանութիւն: Միջանցքների մասին խօսակցութիւնը հենց այսպիսին է եւ հակասում է տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու, թշնամանքի մթնոլորտը յաղթահարելու տրամաբանութեանը»։

Ըստ Մանէ Գէորգեանի՝ միջանցքներու մասին խօսակցութիւնը ոչ միայն նպատակ ունի մեկուսացած պահել տարածաշրջանի պետութիւնները եւ ժողովուրդները, այլ նաեւ այդ մեկուսացման անշրջելի տեսք տալ։

«Բայց կան նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները բացելու այնպիսի տարբերակներ, որոնք ընդգծում են տարածաշրջանային փոխկապակցուածութիւնը եւ թշնամութեան մթնոլորտի քայլ առ քայլ յաղթահարման իրական միջոց կարող են դառնալ: Հայաստանի կառավարութիւնը հենց նման տարբերակի կողմնակից է եւ հենց այդ տարբերակն է նկարագրուած Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտում եւ Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ», – յայտնած է Գէորգեանը:

Առանց յստակ օրինակներ նշելու, վարչապետի խօսնակը ըսած է, որ գրեթէ ամէն օր տեղի կ’ունենան իրադարձութիւններ, որոնց նպատակը խաղաղութեան օրակարգը անօրինականցման ենթարկելն է, թշնամութեան մթնոլորտը ոչ միայն խորացնելը այլ նաեւ զայն առաւել համակարգուած դարձնելը:

«Այս եւ միւս քայլերն արւում են ի ցոյց դնելու խաղաղութեան անհնարինութիւնը մեր տարածաշրջանում, բայց Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն առաջ է տանելու այդ օրակարգը՝ մեր տարածաշրջանի համար խաղաղութեան դարաշրջան բացելու բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով եւ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելով: Վարչապետ Փաշինեանը բազմիցս է նշել, որ այս ճանապարհին մեզ ամուր ջիղեր են պէտք եւ արագ ու հեշտ լուծումներ գոյութիւն չունեն», -«Արմէնփրէս»-ին ըսած է վարչապետի խօսնակը:

Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի վարչապետի միջոցով Էրտողանին հետ հանդիպման առաջարկ ընելուն, Գէորգեան յայտնած է, որ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն պէտք է նախորդեն աշխատանքային քննարկումներ եւ Փաշինեան միջազգային գործընկերներուն նոյնպէս այս պատկերացումը կը ներկայացնէ, սակայն դեռ որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment