Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Օվերչուկ. Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսաստան Եռակողմ Բանակացութիւններուն Միջանցքի Հարց Չի Քննարկուիր

Օվերչուկ. Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսաստան Եռակողմ Բանակացութիւններուն Միջանցքի Հարց Չի Քննարկուիր

by MassisPost

«Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսաստան եռակողմ բանակացութիւններուն միջանցքի հարց չի քննարկուիր», Սեպտեմբեր 20-ին, Երեւանի մէջ Հայաստանի ու Ռուսաստանի կառավարութիւններու կողմէ կազմակերպուած Armenian Business Forum-ի ժամանակ «Ազատութիւն»-ի հարցին ի պատասխան յայտարարեց Ռուսաստանի փոխ վարչապետ՝ Ալեքսէյ Օվերչուկը։

Երեք երկիրներու միջեւ փոխ վարչապետներ՝ Օվերչուկի, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի մակարդակով այս Յունուարէն ի վեր՝ արդէն ինը ամիս է կը գործէ աշխատանքային խումբ, որուն նպատակը հաղորդակցական ուղիներու վերագործարկումն է։
«Մեր մօտ միջանցքներ չկան։ Մենք չենք քննարկեր միջանցքներու հարցը։ Կը քննարկուի Անդրկովկասի տնտեսական եւ փոխադրային ուղիներու ապաշրջափակման հարցը։ Կողմերը մտքեր կը փոխանակեն ։ Անոնք ունին դրական տրամադրուածութիւն», – նշեց Ալեքսէյ Օվերչուկը։

Նախորդ ամիսներուն թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ թէ՛ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան բազմիցս խօսած են Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու կապող միջանցքի բացման անհրաժեշտութեան մասին։ Մօտ մէկ ամիս առաջ CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը Ալիեւը պայմանաւորեց նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումով, իսկ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, թէ Հայաստանի վարչապետը իրեն հանդիպման առաջարկ ըրած է, միեւնոյն ժամանակ տարակուսանք յայտնելով, որ եթէ կը ցանկան հանդիպիլ իր հետ, Նախիջեւանի միջանցքի հարցով պէտք է յստակ քայլեր կատարուին։

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան բազմիցս յայտարարած է, որ միջանցքի հարց չէ քննարկուած եւ չի քննարկուիր, իսկ ընդունելով Օվերչուկը՝ նշեց. «Մեծապէս շահագրգռուած ենք հաղորդակցութիւնների բացմամբ, քանի որ դա գնահատում ենք որպէս Հայաստանի շրջափակումը յաղթահարելու հնարաւորութիւն, որում, ցաւօք, արդէն գտնւում ենք աւելի քան 25 տարի: Յուսով ենք, որ աշխատանքների արդիւնքում յստակ որոշումների կը յանգենք»:
Միջանցքի վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ վերահաստատեց փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։

Հարցին, թէ կը քննարկուի՞ն միջանցքի վերաբերեալ հարցեր, Գրիգորեանը պատասխանեց. «Ի հարկէ, ոչ»:

Իսկ թէ եռակողմ հարթակին ի՞նչ հարցեր քննարկուած են, փոխ վարչապետը արձագանգեց. «Քննարկւում են այն հարցերը, որոնց մասին ես բազմիցս ձեզ հետ խօսել եմ, վերաբերւում են՝ Ա. ենթակառուցուածքային հնարաւոր լուծումները, Բ. իրաւական կարգաւորումը էդ լուծումների, որոնք եթէ հնարաւոր լինեն, ապա կը լինեն, կրկնեմ, դա վերաբերւում է մաքսային, սահմանային, բուսաառողջապահական եւ այլ հսկողական գործառոյթների իրականացմանը»:

Եռակողմ՝ հայ-ռուս-ատրպէյճանական աշխատանքային խումբի հանդիպումները մօտ երեք ամիս է դադրեցուած էին, մինչ Մայիս 12-ին ատրպէյճանական զինուժը քանի մը ուղղութիւններով ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք, դիրքեր բռնեց եւ ցայսօր կը հրաժարի հեռանալէ։ Նախորդ ամիսներուն պաշտօնական Երեւանը ամենաբարձր՝ վարչապետի եւ փոխ վարչապետ՝ Մհեր Գրիգորեանի մակարդակով յայտարարած էր, թէ բանակցութիւնները կը վերսկսին, եթէ ատրպէյճանական զինուժը դուրս ելլէ Հայաստանի տարածքէն եւ վերադարձուին հայաստանցի գերիները:

Armenian Business Forum-ի ծիրէն ներս ուշագրաւ թիւ հրապարակեց Տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեան, թէ ըստ հաշուարկներու, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի ապաշրջափակումը ի զօրու է միայն առաջին երկու տարիներուն հայաստանեան տնտեսութեան մէջ ապահովել 30 տոկոս աճ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment