Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Գործերով Նախկին Պաշտօնեաներու Ունեցուածքը Կալանքի Տակ Առնուած Են

Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Գործերով Նախկին Պաշտօնեաներու Ունեցուածքը Կալանքի Տակ Առնուած Են

by MassisPost

Երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի դուստրը ու պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ՝ Արման Սահակեանը հրաւիրուած են Գլխաւոր դատախազութիւն ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով։ Թէ խօսքը մասնաւորապէս ինչ գոյքի մասին է, դեռ յայտնի չէ։
«Ազդարար» հրապարակային ծանուցումներու պաշտօնական կայքէջ տեղադրուած ծանուցագիրներու մէջ մանրամասնութիւններ չկան։

Սարգսեաններու քրէական գործերով զբաղող փաստաբան՝ Երեմ Սարգսեան «Ազատութիւն»ին ըսաւ, որ այս մասով ինքը դեռ համաձայնութիւն չունի մեկնաբանութիւն տալու։ Անի Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ անոր հայրը՝ Լեւոն Սարգսեան ու եղբայրը՝ Նարեկ Սարգսեան, կը մեղադրուին ապօրինի հարստանալու եւ յայտարարագրման ենթակայ գոյքը թաքցնելու համար։ Լեւոն Սարգսեան կը հետախուզուի, անոր խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: Դստեր՝ Անի Սարգսեանի ու որդիին՝ Նարեկ Սարգսեանի պարագային՝ ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։

Ազգային ժողովի նախկին նախագահ՝ Գալուստ Սահակեանի որդին՝ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ՝ Արման Սահակեան Յուլիս 28-ին հրաւիրուած է դատախազութիւն` ծանօթանալու ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն ու ներկայացնելու իր դիրքորոշումը։

Սահակեանի փաստաբան Էմին Խաչատրեան տեղեկացուց, որ մինչ դատախազութիւն ներկայանալը իրենք խնդրած են ուսումնասիրութեան արդիւնքները, եւ արդէն ստացած են զանոնք։ Ըստ փաստաբանին, գործի նիւթերը քանի մը հարիւր էջէ բաղկացած են, դեռ ամբողջութեամբ չեն հասցուցած ծանօթանալ անոր։

«Սահմանուած ժամկէտներում, բնականաբար, կը ներկայացնենք մեր պատճառաբանութիւնները, կը ներկայացնենք մեր ունեցած գոյքերի հիմքերը, այսինքն գոյքերի օրինական լինելու վերաբերեալ փաստաթղթեր», – ըսաւ փաստաբանը:
Խաչատրեան ըսաւ, որ Արման Սահակեանը արդէն յայտնած է իր դիրքորոշումը՝ չունի որեւէ ապօրինի գոյք։ 2011-էն 2018 թուականը Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետի պաշտօնը գրաւած Սահակեանը պնդած է, որ ձեռքբերած անշարժ ու շարժական գոյքերը օրինական են։ Փաստաբանը ըսած է, թէ դատախազութիւնը կասկած ունի շուրջ 400 միլիոն դրամի գոյքի վերաբերեալ։

«Հիմա մենք մեր ձեռքի տակ ունենք մի շարք փաստաթղթեր, որոնք պէտք է նորից ուսումնասիրուեն, համադրուեն եւ արդիւնքում վերլուծուեն: Տեւական գործընթաց է լինելու, բայց ես համոզուած եմ, որ մենք հաւաստի եւ արժանահաւատ տեղեկատուութիւն կը ներկայացնենք տուեալ դէպքում Գլխաւոր դատախազութեան համապատասխան վարչութեանը, որպէսզի նրանք էլ ուսումնասիրեն եւ համոզուած եմ ապօրինի ծագման որեւէ գոյք չի յայտնաբերուի», – ընդգծեց Էմին Խաչատրեանը:

Արման Սահակեանը, յիշեցնենք, որ երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ միասին կ’անցնի դպրոցներէն մէկու հողակտորի օտարման քրէական գործով։ Ինչպէս Մարգարեանը, այնպէս ալ Սահակեանը մեղադրուած է պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար։

Ապօրինի գոյքի բռնագանձման գործերով կ’անցնին շարք մը նախկին պաշտօնեաներ ու անոնց հարազատները։ Գլխաւոր դատախազութիւնը կասկածներ ունի նախկին ոստիկանապետ՝ Վլատիմիր Գասպարեանի, անոր կնոջ, զոքանչի, դստեր, որդիի, գնդապետ Սերոբ Յարութիւնեանի, անոր որդիին, ինչպէս նաեւ հետախուզման մէջ գտնուող, բնապահպանութեան նախկին նախարար՝ Արամ Յարութիւնեանի գոյքերու օրինականութեան վերաբերեալ։

Դատախազութեան խնդրանքով դատարանը կալանքի տակ առած է անոնց։ Այս կը կատարուի, որպէսզի ենթադրաբար ապօրինի ծագում ունեցող գոյքը չվաճառուի կամ նուիրուի մէկ ուրիշին։ Ըստ Գլխաւոր դատախազութեան, առաջիկայ ժամանակահատուածին ապօրինի գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ առաջին գործերը կ’ուղարկուին դատարան՝ գոյքերու օրինականութիւնը պարզելու համար։ Ապօրինի գոյքի բռնագանձման վարոյթը կրնայ նաեւ հաշտութեամբ աւարտիլ, եթէ քաղաքացին համաձայնի պետութեան վերադարձնել ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի արժէքի 75 տոկոսը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment