Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԳՆ Հրաւիրուած Են Հայաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Շարք Մը Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներ

ԱԳՆ Հրաւիրուած Են Հայաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Շարք Մը Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներ

by MassisPost

Յուլիս 9-10-ին, Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ այցելութեան որոշ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան առնչութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած են համապատասխան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդմամբ` դեսպաններուն փոխանցուած է անոնց երկիրներու կառավարութիւններուն ուղղուած յայտագիրներ, ուր, մասնաւորապէս, նշուած է, որ Հայաստանը բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու այցելութիւնը, անոնց կարգին՝ Հադրութ եւ Արցախի պատմական կեդրոն՝ Շուշի քաղաք, «որոնք ենթարկուել են ցեղային զտումների, իսկ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի կողմից իրագործուել են պատերազմական յանցագործութիւններ եւ զանգուածային ոճրագործութիւններ»։

«Բոլոր հանդիպումների ընթացքում շեշտուել է, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչների ներգրաւուումը նմանօրինակ այցելութիւններին հակասում է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տուեալ երկրների միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան ոգուն, ինչպէս նաեւ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան դիրքորոշմանը։ Այս տեսակէտից Հայաստանը հաստատակամօրէն կոչ է անում ձեռնպահ մնալ ցանկացած գործողութիւններից, որոնք կարող են արդարացնել ուժի կիրառումը եւ դրանով իսկ խաթարել տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը», – ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նախաձեռնած է նաեւ քայլեր՝ հասցնելու ՀՀ վերոնշեալ դիրքորոշումը համապատասխան այն երկիրներու մայրաքաղաքներուն, որոնք իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի մէջ հաւատարմագրած են համատեղութեան կարգով։

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 9-10-ին, Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած 46 դեսպաններ այցելած են Շուշի, անոնց կարգին չեն եղած Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment