Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրդողան Սադրանք Որակած Է Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Պատին Պարը

Էրդողան Սադրանք Որակած Է Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Պատին Պարը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան սադրանք անուանած է Պոլսոյ թաղամասերէն մէկուն մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ պատին վրայ պարեր կազմակերպող տղամարդոց հետ կապուած միջադէպը։

«Կրօնի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը, որ դրսեւորուած է եկեղեցւոյ մօտ, կը գնահատեմ որպէս մեր միասնութեան դէմ ուղղուած սադրանք», – ըսած է Էրտողան հեռատեսիլային ուղերձով, որ տեղադրուած է անոր Թուիթըրեան էջին։

Երկուշաբթի գիշեր խումբ մը երիտասարդներ պարած են հայկական եկեղեցւոյ պատին վրայ, իսկ փողոցը հաւաքուած մարդիկ ողջունած են այդ պարը։

Թուրք երիտասարդներու խաչի ֆոնին պարի տեսանիւթը տեղադրուած է համացանց եւ արագ տարածուած, առաջացած է հայ եւ յոյն համայնքներու վրդովմունքը։

Պոլսոյ վարչակազմը յայտնած է միջադէպի մասնակիցներու ձերբակալութեան մասին եւ անոնց նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է տնային կալանքը։

«Այդ աքթին մասնակցած երեք քաղաքացիները ձերբակալուած են։ Մենք կը դատապարտենք այս նողկալի պահուածքը, որ դրսեւորուած է սուրբ վայրերու նկատմամբ», – ըսուած է Պոլսոյ վարչակազմի հաղորդագրութեամբ։

Հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը դատապարտած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանը։ Ան հետեւեալ գրառումը ըրած է Թուիթըրեան էջին․ – «Կը դատապարտեմ անոնց, որոնք անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորած են Գատիգիւղ  գտնուող մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ, եւ անոնց, որոնք այդ թոյլ տուած են»։

Փայլան պահանջած է, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հետաքննութիւն սկսի դէպքի վայրը ներկայ գտնուած եւ անգործութեան մատնուած ոստիկաններուն դէմ․ համացանցով տեղեկութիւն տարածուած էր, որ միջադէպի ժամանակ այնտեղ եղած են ոստիկաններ, որոնք որեւէ ձեւով չեն միջամտած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment