Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թուրքիոյ Հետ Սահմանի Բացումը Անսահման Առաւելութիւններ Կը Ստեղծէ Հայաստանի Համար». Էրտողան

«Թուրքիոյ Հետ Սահմանի Բացումը Անսահման Առաւելութիւններ Կը Ստեղծէ Հայաստանի Համար». Էրտողան

by MassisPost

«Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խնդիրներու վերացման զուգահեռ Թուրքիան որոշակի քայլեր կարող է ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ»։ Այս մասին Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է այսօր՝ Յունիս 16-ին Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամներուն առջեւ ունեցած ելոյթին։

Էրտողանի խօսքով՝ «Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը անսահման առաւելութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի համար»։

Թուրքիոյ նախագահը խօսած է նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցքի» մասին՝ յայտարարելով. «Այն երկաթուղագիծով, որ կը սկսի գործել «Զանգեզուրեան միջանցքի» ծիրէն ներս, հայերը հեշտութեամբ կը կարողանան երթալ Մոսկուա եւ աշխարհի այլ կողմեր՝ դուրս գալով այն մէկուսացումէն, ուր յայտնուած են սեփական գործողութիւններու հետեւանքով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment