Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Խօսքով, Իր Այցը Սիւնիք Որոշակի Քաղաքական Իրադրութիւն Փոխած Է Հայաստանի Մէջ

Փաշինեանի Խօսքով, Իր Այցը Սիւնիք Որոշակի Քաղաքական Իրադրութիւն Փոխած Է Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Սիւնիքի մարզի Գորայք համայնքէն ներս «Քաղաքացիական պայմանագրի» վարչապետի թեկնածու՝ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ այս մարզի քարոզարշաւին։ Երէկուայ հանդիպումները, ըստ Փաշինեանին, բաւական յաջող էին:

Ան յայտարարեց, թէ այցը ոչ միայն շատ արդիւնաւէտ էր, այլեւ որոշակի քաղաքական իրադրութիւն փոխած է Հայաստանի մէջ․ – «Ոմանք տպաւորութիւն էին ստեղծել եւ փորձ էին արել, որ ի ցոյց դնեն, թէ Սիւնիքը, սիւնեցին հակադրուած ա, կամ հակադիր ա մնացած Հայաստանին։ Եւ երէկ էդ քարոզչական սուտը ուղղակի ջարդուփշուր էղաւ»։

Փաշինեանին տեղեկութիւններ հասած են, որ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի ղեկավար կազմէն արգիլած են քաղաքացիներու մասնակցութիւնը իշխող ուժի հանդիպումներուն։ Գործարանի խորհուրդի անդամներէն մէկը՝ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեանն է, որ հիմա Հայաստան դաշինքի ցուցակին վրայ է:

«Մեղրիի, Քաջարանի, Գորիսի, նաեւ Սիսիանի մեր բնակիչներին խոստացել եմ, որ այդ պաշտօնեաներին իրանք տեսնելու են սեփական աչքերով ասֆալտի վրայ պառկած։ Որպէս բարի կամքի արտայայտութիւն ես մենակ մի բան կարամ ասեմ․ ես էդ պաշտօնեաներին խորհուրդ եմ տալիս ինքնակամ առաջիկայ օրերին պառկել իմ նշած ասֆալտի հատուածներում, սելֆի անել եւ էդ նկարները դնել իրանց դիմատետրեան էջում, որպէսզի տենց ազգային համաձայնութեան մթնոլորտում էդ խնդիրը լուծել», – Գորայքի մէջ ըսաւ Փաշինեան։

Իշխող ուժը ահազագներ ստացած է, որ «Կազփրոմ Արմենիա»յի ղեկավարները պարտադրած են, որ աշխատակիցները երթան ինչ որ ուժի հանրահաւաքի կամ որեւէ մէկու օգտին քուէարկեն․ – ««Կազփրոմ Արմենիա»յի ցանկացած աշխատող, ով էդպիսի գործունէութեամբ կը զբաղուի, մինչեւ Յուլիս 15-ը ազատուելու ա առնուազն աշխատանքից, էլ չեմ խօսում քրէական պատասխանատուութեան մասին։ Չհասկացայ, «Կազփրոմ Արմենիան» կարայ Հայաստանում Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովրդի դէմ աշխատի՞։ Մտքներով չանցնի»։

Փաշինեան այսօր քարոզարշաւը շարունակեց Վայոց Ձոր։ Ջերմուկի մէջ ան աղմկայարոյց յայտարարութիւն ըրաւ եւ խոստացաւ, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ընտրակաշառքի մասին վկայող տեսանիւթի դիմաց քաղաքացիներուն 500 հազար դրամ կը վճարէ:

Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ ընտրակաշառքներու գործով արդէն 55 քաղաքացի կ’անցնի․ – «Էս պահի դրութեամբ հինգ հոգի ունենք կալանաւորուած, տաս հոգի մեղադրեալ, քառասուն հոգի կասկածեալ»։

Վայքի մէջ խօսեցաւ դատական համակարգի բարեփոխութիւններու մասին, ան ըսաւ, թէ համակարգը պիտի ինքնամաքրուի: Փաշինեանի ելոյթի առիթը Սերժ Սարգսեանի եղբօր որդիին՝ Նարեկ Սարգսեանի դատավճիռն էր, որ այսօր դատապարտուեցաւ 5 ու կէս տարուայ ազատազրկման:

Քարոզարշաւի ընթացքին, լրագրողները չեն յաջողած իշխող ուժի վարչապետի թեկնածուին հարցեր ուղղել, քանի որ անվտանգութիւնը ապահովող ծառայողներէն բացի, անոր շուրջը շղթայ կազմած են նաեւ ոստիկանները:

Շղթայէն դուրս այսօր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան արձագանգեց Շուշիի մէջ Թուրքիոյ նախագահի հնչեցուցած մտքին, թէ իրենք պատրաստ են կատարել բոլոր քայլերը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար:

Ան ըսաւ, թէ Հայաստանն ալ կողմնակից է հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, բայց՝ առանց նախապայմաններու․ – «Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ առանց նախապայմանների հարեւանների հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու կողմնակից ենք: Թուրքիայի հետ որեւէ բանակցութիւն կամ խօսակցութիւն չկայ, որպէսզի նախապայման կամ այլ հարց քննարկուի»։

Գրիգորեան անդրադարձաւ նաեւ, «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին ատրպէյճանական կողմի պնդումներուն․ – «Ատրպէյճանը պարբերաբար Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը խախտում է եւ փորձում է խնդիրներ ստեղծել Նոյեմբերի 9-ի պայմանաւորուածութիւնը, որոնք թղթի վրայ կայ, կատարելու։ Ի դէպ, Նոյեմբերի 9-ից յետոյ եղել է նաեւ Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութիւն, եւ եթէ Ատրպէյճանը պնդում է, որ կայ միջանցքի հարց, ապա դա պէտք ա արտայայտուած լինի Յունուարի 11-ի յայտարարութեան մէջ։ Բայց Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ որեւիցէ բառ միջանցքի մասին չկայ։ Սա եւս մի անգամ հաստատում է, որ միջանցքի մասին խօսակցութիւնները Ատրպէյճանի մտացածին յայտարարութիւններ են, եւ որեւէ հիմք, կամ բովանդակութիւն, հիմնաւոր կապ չունեն ո՛չ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան հետ եւ ո՛չ էլ Յունուարի 11-ի յայտարարութեան հետ»։

Իշխող ուժը այսօր նախընտրական քարոզչութունը աւարտեց Երեւանի Քանաքեռ -Զէյթուն համայնքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment