Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունիս 20-ի Ընտրութիւններուն Կը Հետեւին 420-էն Աւելի Օտար Դիտորդներ

Յունիս 20-ի Ընտրութիւններուն Կը Հետեւին 420-էն Աւելի Օտար Դիտորդներ

by MassisPost

ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԽՎ) այս շաբաթ մօտ 80 դիտորդ կ’ուղարկէ Հայաստան` Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն հետեւելու համար: Ընդ որում, առաքելութիւնը կը գլխաւորէ Վեհաժողովի փոխնախագահներէն մէկը` Քարի Հենրիկսըն:
Նորվեկիացի պատգամաւորը դիտորդական առաքելութիւններու հարուստ փորձառութիւն ունի, անցեալ տարի ինքն էր, որ կը գլխաւորէր ԵԱՀԿ ԽՎ պատուիրակութիւնը ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, մինչ այդ դիտարկած է ընտրութիւնները նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ռուսաստան, Վրաստան եւ Ուզպեքիստան:
Հենրիկսըն 20 տարիէն աւելի է, որ կը մասնակցի ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներուն, այս տարուայ Յունուարին նշանակուած է Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու ու մարդասիրական հարցերով յանձնաժողովի հիմնական զեկուցող եւ, ըստ հաղորդումներուն, կրնայ դառնալ ԵԱՀԿ ԽՎ-ի յաջորդ նախագահը` Յուլիսին կայանալիք նստաշրջանէն յետոյ:
«Շատ հպարտ եմ, որ հայաստանեան ընտրութիւններուն մենք կը կարողանանք գործուղել աննախադէպ մեծ թիւով դիտորդներ` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի բռնկումէն ի վեր, չնայած անոր հետ կապուած մարտահրաւէրներուն», – յայտարարած է դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն գործընկերներուն, որոնք համաձայնած են դիտարկել «Հայաստանի այս կարեւոր ընտրութիւնները»:
Վեհաժողովի միւս փոխնախագահը` Մարկարեթա Սետերֆելթը նշանակուած է կարճաժամկէտ առաքելութեան ղեկավար եւ համակարգող: Վերջինս եւս քաղաքական գործունէութեան հարուստ փորձ ունի, կը ղեկավարէ Շուէտի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, գլխաւորած է Վեհաժողովի դիտորդական առաքելութիւնները Թուրքիոյ եւ Տաճիկիստանի կայացած ընտրութիւններուն:
Երեւան ժամանելէն առաջ Սետերֆելթ յայտարարած է, թէ «առաջիկայ ընտրութիւնները կարեւոր հնարաւորութիւն են ե՛ւ Հայաստանի ժողովրդի համար` իր ձայնը բարձրացնելու, ե՛ւ երկրի համար`ցոյց տալու իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական զարգացմանն ու բարեփոխումներուն»: «Մենք պատրաստ ենք սերտօրէն համագործակցիլ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան եւ Եւրոպայի խորհրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մեր գործընկերներու հետ` աջակցելու Հայաստանին ժողովրդավարութեան ճանապարհին», – ըսած է Սետերֆելթ:
ԵԱՀԿ ԽՎ-ի մօտ ութ տասնեակ դիտորդներէն բացի, առաջիկայ ընտրութիւններուն կը հետեւին նաեւ մօտ 250 միջազգային դիտորդներ` ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակէն (ԺՀՄԻԳ), Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ կ’ըլլան երկու տասնեակ պատգամաւորներ, բացի այդ, Վենետիկի յանձնաժողովն ալ իր ներկայացուցիչները կը գործուղէ, որոնք եւս կը հետեւին ընտրութիւններուն ու ձայներու հաշուարկին:
Արեւմտեան դիտորդներէն բացի առաջիկայ քուէարկութեան կը հետեւին նաեւ 70 պատուիրակներ ԱՊՀ (Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն) անդամ երկիրներէն: Կ’ակնկալուի, որ անոնց առաջին` նախնական գնահատականները հնչեն քուէարկութեան յաջորդ օրը` Յունիս 21-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment