Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ռիքըրի Հետ Հանդիպումին Շեշտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կարեւորութիւնը

Փաշինեան Ռիքըրի Հետ Հանդիպումին Շեշտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կարեւորութիւնը

by MassisPost

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կարեւոր գործօն է տարածաշրջանային անվտանգութեան համար, քանզի հայ ժողովրդի անվտանգային մարտահրաւէրները վերջին 100 տարում չեն փոխուել, եւ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմը դա ցոյց տուեց, քանի որ այս պատերազմում ներգրաւուած էին նոյն դերակատարները, որոնք ներգրաւուած են եղել Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրագործման գործում»: Այս մասին յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ այսօր՝ Յունիս 10-ին, ընդունելով Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատար՝ Ֆիլիփ Ռիքըրը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը գնահատանքի խօսքեր յայտնած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչելու եւ դատապարտելու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի ուղերձի կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնած, որ այն կը նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան պահպանման, ըսուած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեամբ։

Փաշինեան կարեւորած է հայ-ամերիկեան համագործակցութեան զարգացումը եւ նշած, որ այցը լաւ հնարաւորութիւն է երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգն ու հեռանկարները քննարկելու համար:

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատարը նշած է, որ առաջին անգամն է որ կ’այցելէ Հայաստան եւ ուրախ է Երեւան գտնուելու համար եւ հայ գործընկերներու հետ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ֆիլիփ Ռիքըր Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընի ողջոյնները եւ վերահաստատած Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման պատրաստակամութիւնը:

Ամերիկացի պաշտօնեան բարձր գնահատած է Հայաստանի ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղուած գործընթացները եւ օրինակելի համարած 2018-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Նշած է ամերիկեան կողմի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակել աջակցելու Հայաստանին ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրագործման գործով:

Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակին: Երկուստէք նշուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ լարուածութեան թուլացման համար քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Փաշինեան ընդգծած է հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ՝ խաղաղ գործընթացի եւ համանախագահներու կողմէ առաջարկուած սկզբունքներուն հիման վրայ:

Նիկոլ Փաշինեան զրուցակիցին ուշադրութիւնը հրաւիրած է գերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու շուտափոյթ վերադարձին եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած միաւորներու անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութեան վրայ:

Յիշեցնենք, որ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը տարածաշրջանային այցով կը գտնուի Հարաւային Կովկաս, ան արդէն հանդիպումներ ունեցած է Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ։

Ֆիլիփ Ռիքըր Պաքու կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Ատրպէյճանին ու Հայաստանին կոչ ըրած է զօրքերը ետ քաշելու սահմանագիծէն, սահմանազատման հարցերը լուծելու խաղաղ ճանապարհով, եւ հակամարտութեան երկարատեւ կարգաւորման համար որքան հնարաւոր է արագ սկսելու առարկայական բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանաւորութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment