Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ կը Ցանկայ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցիլ Նաեւ Կովկասի Մէջ. Չաւուշօղլու

ԱՄՆ կը Ցանկայ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցիլ Նաեւ Կովկասի Մէջ. Չաւուշօղլու

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի պնդմամբ՝ կան շարք մը տարածաշրջաններ, ուր պաշտօնական Ուաշինկթըն կը ցանկայ համագործակցութիւն ծաւալել Անքարայի հետ։

«ԱՄՆ կը ցանկայ Թուրքիոյ հետ համագործակցիլ ոչ միայն Լիպիոյ եւ Սուրիոյ, այլեւ շարք մը այլ տարածաշրջաններու՝ մասնաւորաբար Միջերկրականի եւ Սեւ ծովի աւազաններու ու Կովկասի մէջ», – թրքական պետական հեռատեսիլային եթերով յայտարարած է Չաւուշօղլուն։

Խօսելով նախագահներ՝ Պայտընի եւ Էրտողանի՝ Յունիս 14-ին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք հանդիպման մասին, թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը նշած է, որ Անքարան այդ բանակցութիւններուն կը մօտենայ «դրական օրակարգով»։

«Մենք Ուաշինկթընէն եւս նմանատիպ ազդակներ կը ստանանք»՝-յայտարարած է Չաւուշօղլուն։

Երէկ երեկոյեան հեռարձակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, թրքական ԱԳՆ-ի ղեկավարը վերահաստատած է ռուսական արտադրութեան C-400 (S-400) համակարգերու ձեռքբերման հարցով Անքարայի՝ նախապէս արտայայտած տեսակէտը։ «Եթէ Միացեալ Նահանգները կը հրաժարի մեզի վաճառել հակաօդային պաշտպանութեան Patriot համակարգերը, մենք պէտք է նմանատիպ սպառազինութիւն գնենք մեր միւս դաշնակիցներէն», – յայտարարած է Չաւուշօղլուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment