Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պատիւ Ունիմ» Դաշինքի Անդամը Բերման Ենթարկուած Է Ընտրակաշառք Բաժնելու Մեղադրանքով

«Պատիւ Ունիմ» Դաշինքի Անդամը Բերման Ենթարկուած Է Ընտրակաշառք Բաժնելու Մեղադրանքով

by MassisPost

ՀՀ ոստիկանութիւնը օփերաթիւ տուալներ ստացած է 2021-ի Յունիս 20-ին կայանալիք ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող դաշինքի օգտին քուէներ ապահովելու եւ Ջանֆիդա գիւղի բնակիչներուն ընտրակաշառք բաժնելու համար, Արմաւիր քաղաքի նախկին քաղաքապետի՝ նոյն դաշինքի պատգամաւորութեան թեկնածուներու ցուցակին ընդգրկուած Ռ. Խ.-ի կողմէ, նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Ջանֆիդա գիւղի բնակիչ Գ.Պ.-ին 9.000.000 ՀՀ դրամ գումար փոխանցելու վերաբերեալ:

ՀՀ ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ ձեռնարկուած համատեղ միջոցառումներու հետեւանքով 2021-ի Յունիս  10-ին,  ժամը 16։30-ին, Ջանֆիդա գիւղ գտնուող Գ. Պ.-ի տան մէջ, վերոնշեալ երկու անձերը բռնուած են 9.000.000 ՀՀ դրամ ընտրակաշառքի գումարի փոխանցման պահուն։ Ընդ որում՝ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն տեսնելուն պէս անոնք դուրս՝ դէպի տան բակ նետած են իրենց ձեռքը գտնուող՝ նայլոնէ տոպրակով ընտրակաշառքի առարկայ հանդիսացող գումարը, որ յայտնաբերուած եւ վերցուած է դէպքի վայրի զննութեամբ։

Նախապատրաստուած նիւթերով դէպքի առթիւ նոյն օրը Արմաւիրի մարզի դատախազութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 34-154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով, որու նախաքննութիւնը յանձնարարուած է ՀՀ ՔԿ Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան:

Ռ. Խ.-ն եւ Գ.Պ.-ն բերման ենթարկուած են Ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժին եւ ձերբակալուած: Անոնք հրաժարած են ցուցմունք տալէ:

Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ գործողութիւնները՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու նպատակով, տեղեկացուցած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն:

Նշենք, որ Ռ.Խ.-ն Արմաւիրի նախկին քաղաքապետ՝ Ռուբէն Խլղաթեանն է, «Պատիւ ունեմ» դաշինքի անդամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment