Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեան Պնդեց, Թէ Չէ Պատրաստուած Յանձնել Մեղրին

Քոչարեան Պնդեց, Թէ Չէ Պատրաստուած Յանձնել Մեղրին

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական քարոզարշաւը մեկնարկեց Սիւնիքէն: Եւ Ագարակի մէջ ալ «Դաշնակցութիւն» ու «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւններէն կազմաւորուած դաշինքի վարչապետի թեկնածուն պնդեց, թէ ինքը չէ պատրաստուած յանձնել Մեղրին, եւ այդ պնդումները, հակաքարոզչութիւն են իր նկատմամբ: Մեղրիի տարբերակի մասին իր հանդիպումներու վերջին օրերուն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն է, որ կը խօսի։

«Որեւէ միջանցք` որպէս միջանցք, մենք չպէտք է բանակցենք, բայց մենք պէտք է նաեւ հասկանանք, որ քանի որ այդպիսի հետաքրքրութիւն կայ, դա մեզ համար վտանգ է, բայց նաեւ դա հնարաւորութիւն է այդ խաղաքարտը ուրիշ խաղացողների հետ միասին օգտագործել», – ըսաւ Քոչարեան:

«Հայաստանի երկրորդ նախագահը պատրաստուել է Մեղրին յանձնել Ատրպէյճանին», Մեղրիին մէջ Քոչարեանին հակադարձեց  1999-էն 2003 թուականներուն Կարէն Դեմիրճեանի ղեկավարած «Միասնութեան» դաշինքի պատգամաւոր՝ Գրիգոր Յարութիւնեան: Ան ըսաւ, թէ այսօրուայ պէս կը յիշէ, թէ երբ եւ ով, ինչպէս առաջարկեց այդ տարբերակը. «Վարդան Օսկանեանը տարբերակները ո՞նց էր առաջարկում, որ 1.5 քիլոմեթր լայնութեամբ տալիս են Ատրպէյճանին, ինչի՞ մասին է խօսքը: Թէ Քոչարեանն ինչ կ’ասի, դա ինձ չի հետաքրքրում: Ամենակարեւոր պահը` Ղարաբաղին դուրս թողեց բանակցութիւններից, եւ Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը ինքը վերածեց Հայաստան-Ատրպէյճան տարածքային վէճի»:

«Հայաստան» դաշինքը կը հաւատայ, թէ երկրին մէջ կարող է իրավիճակ փոխել: Անվտանգութենէն մինչեւ ներդրումներ, զբօսաշրջութիւն, պատրաստ են փոխել, յայտարարած են դաշինքէն. «Մենք մեր ամբողջ գործունէութեան ընթացքում լինելու ենք Սիւնիքի կողքին, Սիւնիքի հետ, ամբողջ Հայաստանի հետ, որովհետեւ Սիւնիքը, ասել ենք եւ շարունակում ենք ասել, Հայաստանի դարպասն է եւ Հայաստանի ողնաշարը: Եթէ այսօր մենք Սիւնիքի ամէն մի սանթիմեթրի համար կռիւ չտանք, չպայքարենք, չպաշտպանենք, վաղը այդ կռիւը տեղի է ունենալու Երեւանի եւ Էջմիածնի մառոյցներում»:

Քոչարեանի առաջնորդած դաշինքը եղաւ նաեւ Քաջարան: Այստեղ կը գտնուի Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը, որուն խորհուրդի անդամ է դաշինքի մաս կազմող  Վահէ Յակոբեանը, որ հիմա «Վերածնուող Հայաստանի» ղեկավարն է: Գործարանի հարեւանութեամբ տեղի ունեցաւ քաղաքացիներու հետ հանդիպումը: Սակայն պարզուեցաւ, որ հաւաքուողներուն մէկ մասը գործարանի աշխատակից է: Իրենք իրենց կամքո՞վ եկած էին հարցին՝ այո պատասխանը կու տային աշխատակիցները. «Ես հաւատում եմ, որ իր հետ կայ ապագայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment