Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ժողովուրդի Տրամադրութիւնները` Ընտրութիւններու Շեմին

Հայաստանի Ժողովուրդի Տրամադրութիւնները` Ընտրութիւններու Շեմին

by MassisPost

Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ իր հերթական հարցախոյզը: Նախ պէտք է արձանագրել որ Հիմնարկը մասամբ կը ֆինանսաւորուի Ամերիկեան կառավարութեան կողմէ եւ ինչպէս անունը կը յուշէ, մօտ կը նկատուի Հանրապետական Կուսակցութեան: Նոյն պայմաններով կը գործէ նաեւ Միջազգային Դեմոկրատական Հիմնարկը, որ կը թեքի դէպի Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը:

Հանրապետական Հիմնարկն է որ, Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սկսած է ուշադրութիւն դարձնել Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն ու այդ ուղղութեամբ կը կատարէ հանրային կարծիքի համապարփակ ուսումնասիրութիւններ, ուր ոչ միայն կը փորձէ ամփոփել ժողովուրդի կարծիքը ընտրական գործընթացներուն վերաբերեալ, այլ նաեւ՝ ընկերային, տնտեսական, դատական, արտագաղթ եւ այլ հարցերու շուրջ:

Հիմնարկը, ի տարբերութիւն Հայաստանեան աւանդական հարցախոյզերուն, կը ներկայացնէ նաեւ հիմքային վիճակագրութիւններ, անոնց մէջ ներառնելով մասնակիցներու ժողովրդագրական պատկերը, ըստ տարիքի, սեռի, տնտեսական վիճակի եւ բնակութեան վայրի: Այս բոլորը կու գան աւելի մեծ վստահութիւն ներշնչելու, որ հարցախոյզը կատարուած է գիտական մօտեցումով ու սկզբունքներով:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու շեմին գտնուելով հարցազրոյցին մէջ մեծ ուշադրութեան արժանացած են քաղաքական տարբեր գործիչներու եւ կուսակցութիւններու վարկանիշերը: Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ մնալ ամենէն բարձր վարկանիշը ունեցող քաղաքական գործիչը, սակայն այդ արձանագրած է որոշ անկում: Եթէ Մարտ ամսուն նոյն Հիմնարկի հրապարակած արդիւնքներով վարչապետի նկատմամբ կար 55 տոկոս դրական կեցուածք, ապա այժմ այդ դարձած է 45 տոկոս: Կուսակցութիւններու պարագային Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան վարկանիշ 33 տոկոսէն իջած է 26 տոկոսի: Այս ցուցանիշերը պէտք է մտահոգէին իշխանութեան վրայ եղող որեւէ քաղաքական ուժի: Սակայն, եթէ նայինք միւս կուսակցութիւններուն, ապա կը տեսնենք որ, անոնք բոլորն ալ 1 տոկոս կամ աւելի նուազ վարկանիշ ունին:

Ուշագրաւ տուեալներու շարքին է այն, որ Հայաստանի նախկին երեք նախագահներու հակավարկանիշը շատ աւելի բարձր է, քան անոնց նկատմամբ ժողովուրդի ունեցած համակրանքը: Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ հակակրանք ունի հասարակութեան 49 տոկոսը, Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամ՝ 42 տոկոսը, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նկատմամբ 41 տոկոսը: Նիկոլ Փաշինեանի հակավարկանիշը 20 տոկոս է:

Հարցախոյզի այլ տուեալներու շարքին է արտագաղթի նկատմամբ քաղաքացիներու մօտեցումները: 75 տոկոսը յայտնած է թէ ծրագիր չունի մշտական հեռանալու Հայաստանէն: 22 տոկոսը պատասխանած է՝ այո եթէ կարելիութիւն ստեղծուի:

Երկրի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներու շարքին յիշուած են յաջորդաբար՝ ներքաղաքական ապակայունութիւնը, պատերազմի գերիներու հացը եւ տնտեսական վիճակն ու անգործութիւնը:
Հակառակ պատերազմի արդիւնքէն, ժողովուրդի 75 տոկոսը կը շարունակէ վստահութիւն ունենալ Հայկական բանակին նկատմամբ:

Յեղափոխական կառավարութեան գլխաւոր ձախողումը եղաւ դատական համակարգէն ներս բարեփոխումներու իրականացման հարցը: Այդ է պատճառը, որ հարցախոյզին մասնակցողներու միայն 20 տոկոսը վստահութիւն յայտնած է դատարաններու նկատմամբ: Աւելին, 40 տոկոսը կը կարծէ, որ Հայաստանի դատական համակարգը կախեալ է նախկին իշխանութիւններէն, իսկ 39 տոկոսը հակառակը‘ համոզուած է, որ դատական համակարգը գործող իշխանութիւններու ազդեցութեան տակ է: Այսպիսով, մօտ 80 տոկոսը կասկածի տակ կÿառնեն դատարաններու անկախութիւնը, որ կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է ժողովրդավարական պետութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Հարցախոյզին մասնակցողներու 43 տոկոսի կարծիքով՝ Հայաստան կը գտնուի ճիշդ ուղղութեան վրայ: Այս տեսակէտին հետ համաձայն չեն 20 տոկոսը:

Վերջապէս, գալով Քորնոա ժահրի նկատմամբ վերաբերմունքին, քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 71 տոկոսը չի փափաքիր պատուաստուիլ, ինչ որ կը նշանակէ թէ վարակը յաղթահարելու համար բացատրական ու դաստիարակչական բաւարար աշխատանքներ չեն տարուիր՝ ժողովուրդի վերաբերմունքին մէջ բեկում յառաջացնելու համար:

Այս բոլոր տուեալները ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենան յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, ի յայտ կու գան մօտ ապագային:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment