Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Խօսնակը Այվազեանէն Պարզաբանում Կ’ակնկալէ Անոր Յայտարարութեան Առնչութեամբ

Փաշինեանի Խօսնակը Այվազեանէն Պարզաբանում Կ’ակնկալէ Անոր Յայտարարութեան Առնչութեամբ

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատարի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեանէն հրապարակային պարզաբանում կ’ակնկալէ, այսօր Մայիս 31-ին անոր ըրած յայտարարութեան առնչութեամբ:

«Մենք պարոն Այվազեանին շնորհակալութիւն ենք յայտնում կատարուած աշխատանքի համար, այնուամենայնիւ կարծում ենք մեր պետական եւ ազգային շահը պարտադրում է, որ պարոն Այվազեանը հրապարակային պարզաբանի այդ ո՞վ, ե՞րբ, որտե՞ղ եւ ինչպէ՞ս էր պատրաստւում ինչ որ քայլ անել կամ որոշում կայացնել, որ հակասում է մեր երկրի պետական եւ ազգային շահին: Ակնկալում ենք, որ պարոն Այվազեանը հրապարակային կը պարզաբանի դրանք»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Նիկոլ Փաշինեանի խօսնակը:

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնէն անցեալ հինգշաբթի օր հրաժարական տուած Արա Այվազեան այսօր Արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ հրաժեշտի հանդիպման ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է, թէ իր հրաժարականի որոշումը պայմանաւորուած էր այն պատճառով, «որպէսզի երբեւիցէ որեւէ կասկած չլինի, որ այս նախարարութիւնը կարող է ինչ որ քայլ անել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարների, նախաձեռնութիւնների, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահի դէմ են եղել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment