Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 26 Քաղաքական Ուժ Կը Մասնակցի Ընտրութիւններուն եւ ԿԸՅ-ի Ծախսերը Կ’աւելնան

26 Քաղաքական Ուժ Կը Մասնակցի Ընտրութիւններուն եւ ԿԸՅ-ի Ծախսերը Կ’աւելնան

by MassisPost

Յունիս 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դաշինքներու եւ կուսակցութիւններու վերջնական գրանցումը վերջացաւ։ Սպասուող ընտրութիւններուն կը մասնակցի մրցանիշային թիւով` 26 քաղաքական ուժ՝ 22 կուսակցութիւն եւ 4 կուսակցութիւններու դաշինք։ Որեւէ քաղաքական ուժի գրանցում չէ մերժուած։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) այսօրուայ՝ Մայիս 31-ի նիստին, արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն, կուսակցութիւններու դաշինքներուն նաեւ վիճակահանութեամբ ընտրութիւններուն մասնակցելու համարներ տրամադրուեցան։ Օրինակ՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը 3-րդ համարն է, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը՝ 24-րդը, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսը 2-րդն է, «Պատիւ ունեմ»-ը, որի ցուցակը գլխաւորում է ԱԱԾ նախկին տնօրէն՝ Արթուր Վանէցեան, 6-րդն է, խորհրդարանական «Լուսաւոր Հայաստանը» 9-րդ համարի ներքոյ է, «Բարգաւաճ Հայաստանը»՝ 14։

Ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացնողներու թիւի բաւական մեծ ըլլալուն մասին խօսած է ԿԸՅ-ի նախագահ՝ Տիգրան Մուկուչեան. «Անկեղծ ասած` 12 թուականից ես չեմ յիշում նման մեծ մասնակցութիւն: Մասնակցութեան առումով եթէ նայում ենք 12 թուականից սկսած, թերեւս այն ժամանակահատուածն է, երբ ես, ըստ էութեան, ԿԸՅ-ում եմ, նման մեծ թւով կուսակցութիւնների մասնակցութիւն չէր եղել: Մինչ այդ կը դժուարանամ յստակ դատողութիւն անել»:

Մասնակից քաղաքական ուժերու մեծ թիւի պատճառով կ’աւելնան ընտրութիւններու կազմակերպման ծախսերը, օրինակ՝ պայմանաւորուած քուէաթերթիկներու տպագրութեամբ, ըսած է ԿԸՅ-ի նախագահը. «Հիմա հաշուարկն իրականացւում է, այստեղ հիմնական ծախսի աւելացումը պայմանաւորուած է լինելու քուէաթերթիկների տպագրութեամբ, դրանց տեղափոխմամբ, որովհետեւ նախապէս երբ ծրագրւում էր, ծրագրւում էր աւելի քիչ մասնակցութեան թիւ, իսկ մեր Ընտրական օրէնսգիրքն այնպիսին է, որ իւրաքանչիւր կուսակցութեան համար պէտք է տպագրուի առանձին քուէաթերթիկ: Նշանակում է` մենք տեղամասային կեդրոններում ունենալու ենք կուսակցութիւնների եւ դաշինքների թուին հաւասար, այսինքն` 26 քուէաթերթիկ: Դրանք լինելու են առանձին քուէաթերթիկներ, ընտրողն ստանալու է այդ քուէաթերթիկները, դրանցից ընտրելու է իր նախընտրած կուսակցութեան կամ դաշինքի քուէաթերթիկը, այն տեղադրելու է ծրարի մէջ, մնացած քուէաթերթիկները գցելու է արկղի մէջ, որը կը լինի տեղադրուած խցերում: Բնական է, եթէ կուսակցութիւնների թիւը մեծ է, հետեւաբար տպագրուող քուէաթերթիկների թիւն էլ է մեծանալու: Ի հարկէ, նաեւ պէտք է նկատել, որ այդ քուէաթերթիկները տպագրելուց յետոյ դրանք պէտք է տեղափոխել տարածքային ընտրական յանձնաժողովներ, այսինքն` մի բան է, երբ նախապատրաստւում է օրինակ` 40 միլիոն քուէաթերթիկ, մէկ այլ բան է, երբ նախատեսւում է 70-ից աւելի միլիոն քուէաթերթիկ»:

Այժմ հաշուարկներ կը կատարուին եւ կ’ակնկալուի, որ վաղը ԿԸՅ նիստէն յետոյ կը հրապարակուի, թէ որքան գումար կը պահանջուի այս ընտրութիւններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment