Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վաղարշակ Յարութիւնեան – Սերկէյ Շոյկու Հեռախօսազրոյց Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանային Լարուածութեան Վերաբերեալ

Վաղարշակ Յարութիւնեան – Սերկէյ Շոյկու Հեռախօսազրոյց Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանային Լարուածութեան Վերաբերեալ

by MassisPost

Մայիս 31-ին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարարի պաշտօնակատար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար՝ Սերկէյ Շոյկույի հետ. տեղեկացուցած են ՀՀ ՊՆ-էն:

Ռազմավարական դաշնակից երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ անոր հանգուցալուծման շուրջ նախորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ճանապարհները։

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ՀՀ զինուած ուժերէն ներս սկսած բարեփոխութիւններու հիմնական ուղղութիւններուն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կողմէն կատարուող առաքելութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն եւ զանոնք դիմակայելու միասնական գործողութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment