Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Միջանցքի Հարցը Հայաստանի Հանրապետութիւնը Չի Քննարկել, Չի Քննարկում եւ Չի Քննարկելու». Փաշինեան

«Միջանցքի Հարցը Հայաստանի Հանրապետութիւնը Չի Քննարկել, Չի Քննարկում եւ Չի Քննարկելու». Փաշինեան

by MassisPost

«Մեր դիրքորոշումը յստակ է եւ միանշանակ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի ստորաբաժանումները պէտք է լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը», – Մայիս 18-ին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ «տուեալ դէպքում սահմանագծման եւ սահմանազտման մասին խօսակցութիւնները տեղին չեն»:

«Ի հարկէ, մեր զինուած ուժերն իրականացնում են մարտավարական բնոյթի գործողութիւններ, բայց մեր դիրքորոշումն այն է, որ այս իրավիճակը պէտք է լուծուի դիւանագիտական, խաղաղ ճանապարհով: Սա մեր առաջնային մօտեցումը եւ նպատակն է», աւելցուցած է Փաշինեան:

Ան նշած է, որ խորհրդատուութիւնները կը շարունակուին ՀԱՊԿ շրջանակներէն ներս. «Նաեւ շարունակելու ենք դիւանագիտական ջանքերի գործադրումը միջազգային հանրութեանը իրադրութեան մասին տեղեկատուութիւն տալու եւ միջազգային ճնշումն Ատրպէյճանի վրայ ուժեղացնելու ուղղութեամբ: Շարունակելու ենք, բնականաբար, աշխատանքը մեր ռազմավարական գործընկերոջ՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը Ատրպէյճանի գործողութիւնները համարած է «ապակառուցողական»: Ըստ Փաշինեանին՝ անոնք այս գործողութիւններով կը փորձեն վիժեցնել 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի յայտարարութիւններու հետագայ իրագործումը:

«Ընդհանուր առմամբ մեր տպաւորութիւնն այն էր եւ շարունակում է այն մնալ, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերի կողմից գլխաւորուող եռակողմ յանձնաժողովը բաւական արդիւնաւէտ եւ կառուցողական աշխատանք է տարել, եւ մնում է այդ աշխատանքների արդիւնքներն իրագործելու մասին մտածել: Եւ տարօրինակ է, որ այդ փուլում իրագործուեց այս սադրանքը», – ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Տարածաշրջանի հաղորդակցութիւնների բացումը ոչ միայն ընդունելի է Հայաստանի Հանրապետութեան համար, այլեւ մեզ համար կարեւոր առաջնահերթութիւն է: Որովհետեւ համաձայն այն պայմանաւորուածութիւնների, որ մենք ունենք, Հայաստանն ստանում է երկաթուղային հաղորդակցութիւն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ: Ի հարկէ, նաեւ Ատրպէյճանն է ստանում երկաթուղային հաղորդակցութիւն Նախիջեւանի հետ: Խօսքը բեռնափոխադրումների մասին է, ի հարկէ: Հետագայում, ընդհանուր իրավիճակի կարգաւորման դէպքում, կարելի է քննարկել նաեւ այդ ուղղութիւններով ուղեւորափոխադրումների հարցը», – աւելցուցած է Փաշինեան:

Փաշինեան նշած է, որ հետեւողականօրէն պիտի աշխատին տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու բացման ուղղութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է. ««Միջանցքային» տրամաբանութեամբ հարց Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի քննարկել, չի քննարկում եւ չի քննարկելու: Ուզում եմ նաեւ ընդգծել հետեւեալը, որ հարցի էութիւնը հենց այսպիսին է, եւ մենք հենց այդ տրամաբանութեամբ ենք առաջնորդուելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment