Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաթվիան Պաշտօնապէս Ճանչած եւ Դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լաթվիան Պաշտօնապէս Ճանչած եւ Դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Լաթվիան պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը․ կողմ արտայայտուած են Սէյմի 100 անդամներէն 58-ը։ Այս մասին Դիմատետրով գրած է Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիգրան Մկրտչեան, որ աւարտած է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Պալթեան երկիրներու մէջ։

«Այն, ինչ տարիներ առաջ դժուար պատկերացնելի էր, այսօր դարձաւ իրականութիւն։ Սա վերջին տարիների տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է, որտեղ էական է եղել դիւանագիտութեան զինանոցի գրեթէ ողջ պաշարի կիրառումը՝ քաղաքական ուժեղ շփումները, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, մշակութային դիւանագիտութիւնը (թերեւս ամենատեսանելին է եղել, նաեւ խիստ կարեւոր), համայնքային եւ Հայ Առաքելական եկեղեցու ներգրաւուածութիւնը (որը եղել է ամենաերկարատեւը եւ հետեւողականը)։ Այս ամէնի ամբողջութիւնը, գումարած վերջին տարիներին մեր աշխատանքներում որոշ շեշտադրումների փոփոխութիւնները յանգեցրեցին այս արդիւնքին», – գրած է դեսպանը։

Ան յիշեցուց, որ դեռեւս 2020 թուականի Ապրիլ 24-ին Լաթվիոյ խորհրդարանի երկու ուժեր, որոնք նաեւ իշխող դաշինքի անդամներ են՝ «Նոր պահպանողականներ» եւ «Զարգացմանը՝ Այո՛» կուսակցութիւնները արդէն կատարած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող եւ դատապարտող յայտարարութիւններ։ «Այս ուժերի, ինչպէս նաեւ «Համաձայնութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչների մեծ մասի նախաձեռնութեամբ էլ 2021 թ․ Փետրուարից սկսուեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, որի արդիւնքում բանաձեւ-յայտարարութիւն ներկայացուեց Ապրիլ 23-ին։ Ապրիլ 29-ին նախնական բանաձեւի տարբերակը առարկութիւններով յետաձգուեց մէկ շաբաթով։ Բանաձեւի փոփոխուած տարբերակ առաջարկեց Արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովը, որի շուրջ նոյնպէս ծաւալուեց ուժգին քննարկում եւ որը նոյնպէս վերջին երկու ամիսների ընթացքում զուգահեռ աշխատանքներ է ծաւալել այս ուղղութեամբ», – մանրամասնած է Տիգրան Մկրտչեան՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Լաթվիացի այն խորհրդարանականներուն, որոնք նպաստած են այս հարցին։

«Խոնարհւում եմ Լաթվիայի խորհրդարանի բոլոր քաղաքական ուժերի եւ պատգամաւորների առջեւ, ովքեր քուէարկել են հայ ժողովրդի համար կարեւորագոյն այս հարցին Լաթվիայում հանգուցալուծում տալու օգտին», – գրած է դիւանագէտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment