Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Կը Մասնակցի Քոչարեանի Գլխաւորած Դաշինքով

ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Կը Մասնակցի Քոչարեանի Գլխաւորած Դաշինքով

by MassisPost

Դաշնակցութիւնը հաստատեց, որ արտահերթ ընտրութիւներուն պիտի մասնակցի «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան հետ դաշինքով, զոր կը գլխաւորէ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան: Այս մասին տեսաուղերձի միջոցով յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան։

«Հիմք ընդունելով ներկայ քաղաքական իրավիճակին տրուած գնահատականները, ճգնաժամը յաղթահարելու եւ երկիրը զարգացման հուն տեղափոխելու փորձը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ապագայի տեսլականի ընդհանրութիւնները՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որոշել է` ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան հետ հանդէս գալ դաշինքով», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Սիւնիքի նախկին մարզպետ՝ Վահէ Յակոբեանի ղեկավարած «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը եւս քիչ աւելի վաղ հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ:

Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ ալ Հանրապետական կուսակցութիւնն ու Արթուր Վանեցեանի ղեկավարած «Հայրենիքը» յայտարարեցին դաշինքով նախատեսուող ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment