Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մամուլի Ազատութեան Օրը Եւ Հայաստանեան Լրատուամիջոցներու Տագնապը

Մամուլի Ազատութեան Օրը Եւ Հայաստանեան Լրատուամիջոցներու Տագնապը

by MassisPost

Մայիս 3-ը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած է Համաշխարհային Մամուլի Ազատութեան օր: Այդ առթիւ վեր կ՛առնուին մամուլի ազատութեան հիմնարար սկզբունքները, գնահատական կը տրուի տարբեր երկիրներու մէջ մամուլի ազատութեան մակարդակին եւ կը դատապարտուին անկախ մամուլի դէմ յարձակումները:

2018-ի ժողովրդային յեղափոխութենէն ասդին մամուլի եւ մարդակային իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս Հայաստան արձանագրեց զգալի յառաջընթաց ու «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութեան 2021 թուականի աղիւսակին վրայ աշխարհի 180 երկիրներուն մէջ կը դասուի 63-րդ դիրքի վրայ: Այս ցուցանիշը բաւական խօսուն է եթէ նկատի ունենանք որ, մամուլի ազատութեան գծով մեծ աւանդոյթ ունեցող Միացեալ Նահանգները կը գրաւէ 44-րդ տեղը: Առաջատարները կը շարունակեն մնալ սկանտինաւեան շարք մը երկիրներ:

Անկախ զբաղեցուցած իր դիրքէն, Հայաստանեան լրատուական դաշտը կը մնայ հեռու իր առաքելութիւնը խղճմտօրէն կատարելու պարտաւորութենէն եւ կը ձախողի ընթերցողներուն կամ ունկնդիրներուն հաւաստի տեղեկութիւն փոխանցելու մէջ: Հայաստանեան լրատուամիջոցներու մեծ մասը գոյատեւելու համար կ՛ապաւի նախկին օլիկարքներու կողմէ նիւթական օժանդակութեան վրայ: Անոնք է որ կը թելադրեն տուեալ լրատուամիջոցի ոչ միայն քաղաքական ուղղութիւնը, այլ եւ զանոնք կը դնեն ապատեղեկատուութիւն տարածելու ստիպողութեան տակ:

Կեղծ ու ոչ հաւաստի լուրերու տարածումը ներկայիս կը հանդիսանայ Հայաստանեան մամուլի գլխաւոր տագնապը: Ընկերային ցանցերու վրայ երեւացող անհատական գրութիւններ անմիջապէս կը ՙցատկեն՚ լայն տարածում ունեցող կայքէջեր, որոնք առանց ստուգելու, տեղ կու տան բացայայտ ապատեղեկութիւն եւ կամ զրպարտութիւն պարունակող բովանդակութիւններուն, նոյնիսկ երբ անոնք կը սպառնան երկրի անվտանգութեան ու կը նպաստեն թշնամիի շահերուն: Ասոր ցայտուն մէկ օրինակը վերջին օրերուն ընդդիմադիր յայտնի մէկ գործիչի դիմատետրի էջին վրայ երեւցած՝ «Յունիսին Ստեփանակերտը կ՛անցնի Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ» գրութիւնն էր: Այս վերնագիրը բնականաբար խոշոր գիրերով տարածուեցաւ նախկին իշխանութիւններուն յարող կայքէջերու կողմէ: Սակայն իրականութիւնը այն է որ, աղբիւրը ատրպէյճանցի մէկ «իրաւապաշտպան» է, ուր ան կը յայտնէր ապագայի իր ցանկութիւնը, եւ նոյնիսկ հոն, խօսք չկայ Յունիսի մասին: Նման երեւոյթներ ամէնօրեայ են Հայաստանի մամուլի էջերուն վրայ եւ դժուար է իւրաքանչիւր նման ապատեղեկատուութեան ետեւէն հասնիլ ու հերքում հրապարակել:

Հայաստան կը գտնուի խոր-հրդարանական ընտրութիւններու շեմին: Յառաջիկայ շաբաթներուն ականատես պիտի ըլլանք կեղծ լուրերու տարփի մը, որու նպատակը մէկն էª իշխանութիւնները վարկաբեկել, հասարակութեան մօտ խուճապ յառաջացնել եւ այդ միջոցաւ որոշ ուժերու համար ընտրական նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել:

Ներկայիս Հայաստանեան լրատուական դաշտին մեծ մասը կը գտնուի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ անհատներու ձեռքերուն մէջ: Անցող երեք տարիներուն իշխանութիւնները չփորձեցին սահմանափակել անոնց նման կարողութիւնները եւ որոշ չափով հաւասար դաշտ ստեղծել քաղաքական բոլոր ուժերուն համար: Յունուարին, երբ հեռատեսիլի ալիքներու արտօնագիրներու նորոգման ժամանակ էր, մերժուեցաւ Քոչարեանի օրօք փակուած միակ անկախ հեռատեսիլի՝ «Ա1» ընկերութեան դիմումը, որուն պէտք էր ընթացք տրուէր, առնուազն անոր խլուած իրաւունքները վերականգնելու համար, բան մը որ արդէն իսկ հաստատուած էր Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին կողմէ:\

Հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին հայ ընթերցողները խիստ զգուշաւորութեամբ պէտք է վերաբերին, ոչ միայն ընկերային ցանցերու վրայ երեւացող , այլ եւ լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւններուն ու ջանք ընեն տարբեր աղբիւրներէ ստուգելու անոնց արժանահաւատ կամ ոչ ըլլալը:

Հայաստանեան մամուլի տագնապալի այս իրավիճակին առջեւ դժուար է գոհանալ մամուլի ազատութեան գծով արձանագրած յառաջխաղացքով, երբ այդ ազատութիւնները կը չարաշահուին երկրի հիմնասիւները Քանդելու համար եւ կրնան նաեւ ապագային պատճառ դառնալ Յեղափոխութեան ձեռքբերումներու ամբողջական կորուստին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment