Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ֆրանսայի Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Արցախի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Փաշինեան Ֆրանսայի Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Արցախի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Ապրիլ 28-ին ընդունած է Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ Ֆրանսայի ԱԺ-ի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ՝ Կի Տեսիէնի գլխաւորութեամբ:

Ըստ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Հայաստանը բարձր է գնահատում Ֆրանսայի՝ մշտապէս մեր կողքին լինելը: Շատ կարեւոր է Ֆրանսայի թէ՛ օրէնսդիր, թէ՛ գործադիր մարմնի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնների այցը մեզ համար դժուարին ժամանակաշրջանում եւ մասնակցութիւնը Ապրիլի 24-ի ոգեկոչման միջոցառումներին: Դա վկայում է Հայաստանին ու Արցախին բարեկամ Ֆրանսայի համերաշխութեան, հայ-ֆրանսական աւանդական կապերի եւ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքների մասին: Այս արձանագրումն արել եմ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռախօսազրոյցում»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է Ֆրանսայի առանցքային դերը Մեծ եղեռնի միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործով՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի ընդունմամբ, 2019-էն ի վեր նախագահ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ Ապրիլ 24-ը, որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ամրագրմամբ եւ պետական մակարդակով ոգեկոչմամբ։ Նիկոլ Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնած է զրուցակիցներու անմիջական ջանքերու շնորհիւ Ապրիլ 16-ին, Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը Ֆրանսայի ԱԺ-ի քննարկման ներկայացնելու համար։

Կի Տեսիէն նշած է, որ Ֆրանսան իր պատմութեան ընթացքին դժուար փորձութիւններէ եւ կործանարար պատերազմներէ անցած է եւ լաւ ձեւով կը հասկնայ ու կը կիսէ այն ցաւը, որ կը կրէ հայ ժողովուրդը: Անոր խօսքով՝ ամոթալի է, որ Ատրպէյճանը չի յարգեր պատերազմի օրէնքները եւ ազատ չ’արձակեր հայ ռազմագերիները: Այդ նպատակին միտուած է Ֆրանսայի ԱԺ-ի քննարկման համապատասխան բանաձեւի ներկայացումը, ընդ որում՝ կը նախատեսուի այսպիսի բանաձեւ ներկայացնել նաեւ Սենատի քննարկման:

«Ֆրանսայի ԱԺ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահն ընդգծել է, որ չնայած ծանր փորձութիւններին՝ Հայաստանի ու Արցախի վերածննդի յոյսը միշտ կենդանի է, եւ Ֆրանսան ամէն կերպ սատարելու է դրան: Այդ համաթեքսթում էր նաեւ 2020թ. Դեկտեմբերի 3-ին Ֆրանսայի ԱԺ-ի կողմից 188 կողմ եւ 3 դէմ ձայներով Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը», – ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեամբ:

Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ ցնցուած են Եռաբլուր եւ Ստեփականակերտի գերեզմանատունը իրենց տեսածէն, շատ կը ցաւին բոլոր հայ ընտանիքներու կորուստներուն համար եւ միեւնոյն ժամանակ, տպաւորուած են Հայաստանի եւ Արցախի երիտասարդներու հետ ունեցած շփումներէն, որոնք լի էին յոյսով ու հաւատով ապագայի նկատմամբ:

Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներուն հետ քննարկած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ եղած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի վերականգնման ուղղութեամբ քայլերուն, հայ ռազմագերիներու վերադարձին, Արցախ մարդասիրական աջակցութիւն ուղարկելու հետ կապուած խոչընդոտներուն, զորս կը ստեղծէ Ատրպէյճանը, զինծառայողներուն բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ համագործակցութեան:

Ֆրանսացի խորհրդարանականները ընդգծած են, որ պիտի շարունակեն սատար կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին եւ աջակցիլ վերականգնման ու զարգացման գործին:

«Տպաւորուած եմ ձեր խօսքերից եւ պատրաստակամութիւնից: Մենք միշտ զգացել ենք ձեր աջակցութիւնը, որն առաւել եւս հիմա շատ կարեւոր է», – ի պատասխան նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment