Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամերիկացի 65 Քոնկրէսականներ Կոչ Ըրած Են Աւելի Քան 100 Միլիոնի Օգնութիւն Տրամադրելու Հայաստանին Եւ Ղարաբաղին

Ամերիկացի 65 Քոնկրէսականներ Կոչ Ըրած Են Աւելի Քան 100 Միլիոնի Օգնութիւն Տրամադրելու Հայաստանին Եւ Ղարաբաղին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի 65 անդամներ նամակով դիմած են Քոնկրէսի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի ղեկավարութեան՝ կոչ ընելով Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին աւելի քան 100 միլիոն տոլարի ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրելու։

Ըստ քոնկրէսականներուն՝ այդ օգնութիւնը թոյլ կու տայ Հայաստանին եւ Ղարաբաղին յաղթահարել պատերազմի հետեւանքները՝ մասնաւորաբար շարք մը ծրագիրներ իրագործել՝ բնակարանաշինութեան եւ ենթակառոյցներու վերականգնման նպատակով։ Քոնրէսականներու համոզումով` Ուաշինկթոնը՝ Պետական Քարտուղարութեան եւ Զարգացման ամերիկեան գործակալութեան (USAID) միջոցով, Հայաստանին շուրջ 100 միլիոն տոլար պէտք է յատկացնէ, ինչ որ «թոյլ կու տայ ապահովել տնտեսութեան զարգացումը, օրէնքի գերակայութիւնն ու երկրի անվտանգութիւնը»։ Եւս 2 միլիոն տոլար, ըստ քոնկրէսականներուն, հարկաւոր է յատկացնել Ստեփանակերտին` «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սովորական սպառազինութիւնները վերացնելու նպատակով»։

Նամակի հեղինակները նաեւ կոչ ըրած են պաշտօնական Ուաշինկթոնին կասեցնելու անվտանգութեան ոլորտի մէջ Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութիւնը, «քանի դեռ այդ երկիրը չէ դադրեցուցած յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment