Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրախախտումներու Համար Պատիժները Խստացնող Օրինագիծերու Փաթեթը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցմամբ

Ընտրախախտումներու Համար Պատիժները Խստացնող Օրինագիծերու Փաթեթը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցմամբ

by MassisPost

Իշխանութիւնները կը նախատեսեն նախընտրական քարոզչութիւնը խոչընդոտելու համար աւելի խիստ պատասխանատուութիւն սահմանել։ Խորհրդարանէն ներս այսօր՝ Ապրիլ 28-ին, առաջին ընթերցմամբ քննարկուեցաւ ու ձայներու 79 կողմ, 2 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունուեցաւ Քրէական օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին ու կից ներկայացուած օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններու եւ լրացումներու փաթեթը:

Առաջարկուող փոփոխութիւններուն փաթեթի հեղինակ՝ «Իմ քայլ»-էն Վահագն Յովակիմեան ընդգծեց, որ ասիկա առաջարկներէն մէկն է, իսկ ընդհանուր առմամբ օրէնսդրական այս նախաձեռնութեամբ փորձ կը կատարուի նախ եւ առաջ կանխել խախտումները, իսկ խախտուելու պարագային պատիժը աւելի խիստ ըլլայ, քան նախատեսուածը գործող օրէնքով։

«Մինչեւ յեղափոխութիւնը, ընտրութիւնների ժամանակ յիշում էք ընտրութիւնների դէպքերից, երբ որ ինչ-որ խմբեր փորձում էին ընդդիմութեան քարոզարշաւը խոչընդոտէին, յետոյ մնում էին անպատիժ, որովհետեւ այս նորմը չկար: Այս նորմն այլեւս կը ստիպի բոլոր այն անձանց, ովքեր կը փորձեն քարոզարշաւը խոչընդոտել, կապ չունի քաղաքական հայեացքներից՝ դիմութիւն, ընդդիմութիւն, եթէ որեւէ մէկը փորձի խոչընդոտել քարոզարշաւը, ինքը պէտք է ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան», – նշեց Յովակիմեան:

Քրէական օրէնսգրքի փոփոխութիւններէն մէկով ալ կ’առաջարկուի պատասխանատուութիւն նախատեսել բոլոր այն դէպքերուն համար, երբ ընտրական գործընթացի խոչընդոտման հետեւանքով տեղամասի քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր կը ճանաչուին: Նախագիծով կ’առաջարկուի նախընտրական քարոզչութեան խոչընդոտման, տեղամասային կեդրոնէն ներս կամ տեղամասի մուտքի մօտ բռնութիւն գործադրելու կամ սպառնալիքի համար եւս նախատեսել քրէական պատասխանատուութիւն:

Ըստ իշխանական պատգամաւորին՝ ներկայ Քրէական օրէնսգրքին մէջ բացեր կան նաեւ ընտրակաշառքի մասով։ Մասնաւորապէս կ’առաջարկուի վերանայիլ ընտրողները կաշառելուն առնչուող դրոյթը․ փոփոխութիւնը կ’ենթադրէ, որ ցանկացած անձ կ’ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան ընտրակաշառք առաջարկելու պարագային։

«Կարող եմ գրաւ գալ ձեզ հետ պարոն Յովակիմեան, որ այս փոփոխութիւնները իրականացնելուց յետոյ այս խախտումները տեղ են գտնելու ընտրական գործընթացի ժամանակ, ընտրութիւնների օրը», – ըսաւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Արման Բաբաջանեան:

Որեւէ կուսակցութեան մէջ չընդգրկուած ԱԺ-ի պատգամաւոր՝ Արման Բաբաջանեան կասկածի տակ կը դնէ օրէնսդրական այս փաթեթը՝ շեշտելով, որ «Իմ քայլը» ոչինչ ըրաւ, որպէսզի նախկին իշխանութիւնը, պատգամաւորի խօսքով, այսօր օրակարգ չթելադրէ:

«Դուք ուղղակի չգիտէք ձեր գլխի գալիքը եւ թէ ինչ արհաւիրք էք բերել: Մենք հիմա խելօք նստել մտածում ենք՝ էլ ինչ անենք, որ Քոչարեանին ու նրա միւս դաւաճան գործակիցներին ու յանցակիցներին թոյլ չտանք, որ ընտրութիւնների վրայ կարողանան հնարաւորինս քիչ ազդեցութիւն գործել: Ես հեռու եմ այն մտքից, որ այս փոփոխութիւններով մեզ յաջողուելու է հիմնարար լուծումներ գտնել ընտրական գործընթացը ազատ, արդար եւ թափանցիկ, ինչպէս դուք էիք նշում, անցկացնել», – նշեց Բաբաջանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment