Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրապարակուեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Ձայնագրութիւնը

Հրապարակուեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Ձայնագրութիւնը

by MassisPost

Անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԽ)   Ապրիլ 20-ին ձայնագրութիւն հրապարակած է, որպէս հաստատում վարչապետի յայտարարութեան, որ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ՝ Օննիկ Գասպարեան պատերազմի առաջին օրերուն չէ ըսած, թէ դրութիւնը վատ է եւ պէտք է կանգնեցնել ռազմական գործողութիւնները։

«Պարոն վարչապետ, իրադրութիւնը մարտական առումով անփոփոխ է, այսինքն՝ որեւէ առաջընթաց հակառակորդը չի ունեցել։ Ամէն դէպքում, զօրքերն իրենց խնդիրը կատարում են, առաւօտեան մի հատ փոքր հակահարուած ձեռնարկեցինք Ջաբրայիլի ուղղութեամբ, յաջողութիւններ ունեցանք։ Իրավիճակը էս ա, շարունակում ենք խնդիրը կատարել եւ շարունակելու ենք կատարել», – ձայնագրութեան մէջ կը զեկուցէ Օննիկ Գասպարեան։

Յիշեցնենք, որ Գասպարեան Նոյեմբեր 17-ին յայտարարած էր, որ պատերազմի 4-րդ օրը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ներկայացուցած է հայկական կողմի կորուստները եւ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ Զինուած ուժերու գնահատականը եւ առաջարկած երկու-երեք օրուայ ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել՝ պատերազմը կանգնեցնելու համար։

Այս յայտարարութենէն մէկ ամիս անց «Ազատութիւն»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեան չէր հերքած, որ Օննիկ Գասպարեան այսպիսի առաջարկ ըրած է ։ Սակայն օրերս վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն հերքեց Գլխաւոր շտաբի նախկին պետի յայտարարութիւնը․ – «Ուզում եմ այս ամպիոնից պատասխանատու եւ պաշտօնապէս արձանագրել, որ Օննիկ Գասպարեանի Նոյեմբեր 17-ի յայտարարութեան այդ կէտը իրականութեան հետ որեւէ աղերս եւ առնչութիւն չունի»։

Յաջորդ օրն ալ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը Գասպարեանի որոշ պնդումներու վերաբերեալ պարզաբանում ներկայացուց՝ հրապարակելով փաստաթուղթերու գաղտնազերծուած հատուածներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment