Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եռաբլուրի Մէջ Բարձրաստիճան Պաշտօնեաները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Ապրիլեանի Նահատակներու Յիշատակին

Եռաբլուրի Մէջ Բարձրաստիճան Պաշտօնեաները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Ապրիլեանի Նահատակներու Յիշատակին

by MassisPost

Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի մէջ, ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան յարգանքի տուրք մատուցած են 2016-ի Ապրիլ 2-ին մեկնարկած քառօրեայ պատերազմին, ինչպէս նաեւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անունով Եռաբլուրին մէջ ծաղիկներ դրուած են Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ Արտակ Դաւթեանի գլխաւորութեամբ Ապրիլ 2-ին Եռաբլուր պանթէոն այցելած են նաեւ բարձրագոյն սպայակազմը:

«Այսօր ողբում ենք ու հպարտանում ենք մեր քաջարի զինծառայողներով, ովքեր, կատարելով իրենց առջեւ դրուած խնդիրը, նահատակուեցին յանուն Հայրենիքի թէ 2016 թուականի քառօրեայ, թէ վերջին 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում: Եթէ Ապրիլեան պատերազմից դասեր քաղած չլինէինք, ապա վերջին 44-օրեայ պատերազմն այլ ելք կ’ունենար: Մենք կարող էինք Արցախն ամբողջութեամբ կորցնել»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Արտակ Դաւթեան:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 1-ին լոյս 2-ի գիշերը ատրպէյճանական կողմը, կոպտօրէն ոտնահարելով հրադադարի մասին 1994-ի Մայիս 12-ի եւ միջադէպերու կարգաւորման մասին 1995-ի Փետրուար 6-ի համաձայնագիրները, լայնամաշապ յարձակում նախաձեռնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի ողջ երկայնքով՝ ծանր սարքաւորումներու, հրետանիի եւ ռազմական օդուժի կիրառմամբ։

Առճակատումը տեւեց Ապրիլ 2-էն 5-ը։ Առաւել թէժ մարտեր ընթացած են արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի հարաւային (Հադրութ) եւ հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութիւններուն։ Ապրիլի ընթացքին հայկական զինուած ուժերէն մարտական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 100 զինծառայող:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment