Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Արարատ Միրզոյեանի Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրելու Մէջ Մեղադրուողը Կալանաւորուած Է

Արարատ Միրզոյեանի Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրելու Մէջ Մեղադրուողը Կալանաւորուած Է

by MassisPost

Վճռաբեկ դատարանը բաւարարած է դատախազութեան բողոքը եւ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ 2020-ի նոյեմբեր 10-ին բռնութիւն գործադրելու մէջ մեղադրուող Ժ.Ս.-ն կալանաւորուած է, կը տեղեկացնէ Գլխաւոր դատախազութիւնը։

Դատախազութիւնը կը յիշեցնէ՝ նոյեմբեր 10-ին Հայաստանի տարբեր տարածքներու մէջ, յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ Կառավարութեան, Ազգային ժողովի շէնքերուն եւ պետական նշանակութեան այլ կառոյցներուն ու հասարակական վայրերուն մէջ կազմակերպուած եւ իրականացուած զանգուածային անկարգութիւններու եւ այլ դէպքերու առթիւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքէն ներս Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 1-ին, 2-րդ եւ 4-րդ մասերով, 301-րդ յօդուածով եւ 301.1 յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած քրէական գործով քննութիւն կը կատարուի նաեւ զանգուածային անկարգութիւններու ժամանակ Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու դրուագով:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 12-ին Երեւանի մէջ այլ անձնաց հետ ջարդերով, գոյք ոչնչացնելով եւ վնասելով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, խումբ մը անձանց հետ Երեւան քաղաքի Տեմիրճեան փողոցին վրայ Ազգային Ժողովի նախագահի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու համար Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 301.1 յօդուածի 1-ին մասով մեղադրանք առաջադրուած է Ժ.Ս.-ին:

Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 2020 թուականի Նոյեմբեր 13-ի որոշմամբ բաւարարած էր վերջինիս նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ նախաքննական մարմնի միջնորդութիւնը եւ Ժ.Ս-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած էր կալանաւորումը՝ 2 ամիս ժամանակով:

Սակայն, ինչպէս դատախազութիւնը յայտնած է, նշուած որոշման դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած էր մեղադրեալի պաշտպանը, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանի 2020-ի Դեկտեմբեր 17-ի որոշմամբ բաւարարուած էր՝ հիմնաւոր կասկածի շեմը յաղթահարուած չըլլալու պատճառաբանութեամբ, եւ Ժ.Ս-ն ազատուած էր կալանքէն:

Յիշեալ որոշման դէմ Գլխաւոր դատախազի տեղակալի կողմէ բերուած է վճռաբեկ բողոք:

Քննութեան առնելով բողոքը՝ Վճռաբեկ դատարանը, համաձայնելով Ժ. Ս.-ի կողմէ՝ իրեն վերագրուող յանցագործութեան կատարման ուղղակի առնչութիւն ունենալու վերաբերեալ դատախազութեան հիմնաւորումներուն հետ, իր 2021-ի Ապրիլ 2-ի որոշմամբ բաւարարած է այն՝ բեկանելով Վերաքննիչ դատարանի որոշումը եւ օրինական ուժ տալով Առաջին ատեանի դատարանի դատական աքթին:

Դատական աքթի կատարումը ապահովելու նպատակով Վճռաբեկ դատարանի որոշումն ուղարկուած է վարոյթը իրականացնող մարմնին, եւ Ժ. Ս. կալանաւորուած է, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, կը կատարուին մեծածաւալ քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ՝ զանգուածային անկարգութիւներու բոլոր մասնակիցները պարզելու եւ մեղադրեալներու արարքներուն վերջնական քրէաիրաւական գնահատական տալու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment