Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատերազմի Վտանգը Հաւասարեցուած Է Զէրոյի. Արմէն Խաչատրեան

Պատերազմի Վտանգը Հաւասարեցուած Է Զէրոյի. Արմէն Խաչատրեան

by MassisPost

«Սիւնիքի հետ կապուած շատ հարցեր փորձում են սարքել քաղաքական շահարկման առարկայ, ինչը տագնապի զգացողութիւն է առաջացնում բնակչութեան մօտ»։ Այս մասին ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արմէն Խաչատրեան՝ անդրադառնալով Կապանի N դիրքի վերաբերեալ համացանց յայտնուած տեսանիւթերուն․

«Սպասում եմ Դատախազութեան պարզաբանմանը, ամէն դէպքում զինուորականն իրաւունք չունի նման հրապարակումներ անել, ես խիստ կասկածում եմ, որ այդ տեսանիւթը զուտ քաղաքական նպատակներով չի արուել»։

Ըստ պատգամաւորին՝ երկրի անվտանգութեան խնդիրները կարելի չէ ընկերային ցանցերով քննարկել․

«Եթէ կը պարզուի, որ մեղաւորներ կան եւ՛ այդ յենակէտի անմխիթար վիճակի համար եւ՛ նաեւ հրապարակման համար, ապա բոլորը պէտք է ենթարկուեն պատասխանատւութեան»։

Ինչ կը վերաբերի նոր պատերազմի հաւանականութեան, Խաչատրեան պնդած է, որ այս պահուն պատերազմի վտանգը հաւասարեցուած է զէրոյի: «Պատերազմի վտանգ չկայ, սակայն դա չի նշանակում, որ ՀՀ-ն պէտք է իր պաշտպանական հնարաւորութիւնները չվերանայի»,- նշեց Խաչատրեան։

«Պաշտպանական հնարաւորութիւնները պէտք է հնարաւորինս վերանայուեն, եւ մենք պէտք է մեր նշաձողն աւելի բարձր դնենք: Մենք արդէն պէտք է ոչ միայն Ատրպէյճանին, այլ նաեւ Թուրքիային դիմակայելու մասին մտածենք: Մեր նշաձողը դա պէտք է լինի: Դա ահռելի մեծ ու ծանր աշխատանք է»,-ըսաւ պատգամաւորը։

Իշխանական պատգամաւորը պնդեց, որ Սիւնիքը այս պահուն անվտանգ է, եւ որեւէ քաղաքացի ատրպէճանցիներէն վնաս չէ կրած․

«Շատ լուրջ ռազմական եւ քաղաքական խնդիրներ կ’առաջանան, եթէ յանկարծ ՀՀ ինչ-որ քաղաքացի տուժի»։

Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնը, թէ կը պարտադրեն Հայաստանին Սիւնիքով միջանցք բանալ, Խաչատրեան անամօթութիւն որակեց․

«Որեւէ մէկն այս պահին չի կարող մեզ որեւէ բան պարտադրել։ Յայտարարութեան պատճառն այն է, որ Ատրպէյճանի պատկերացումները չեն արդարացուել»։

Խաչատրեանի համոզմամբ՝ գերիներու գործօնը Ալիեւի ձեռքին լաւ գործիք է՝ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը լարելու։

Ինչ կը վերաբերի արտահերթ ընտրութիւններուն, Խաչատրեան ըսաւ, որ պիտի երթան արտահերթ ընտրութիւններու, պէտք է քննարկել ժամկէտներու հարցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment