Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարական Եւ Արտահերթ Ընտրութիւններ․ ԲՀԿ Դիրքորոշումը

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարական Եւ Արտահերթ Ընտրութիւններ․ ԲՀԿ Դիրքորոշումը

by MassisPost

«Ռազմական դրութեան չեղարկումը թոյլ կու տար ՀՀ-ում ստեղծուած լարուածութիւնը թօթափել, բայց իշխանութիւնը կրկին իրավիճակը ոչ համարժէք գնահատելու պատճառով պահպանեց լարուածութիւնը»։ Այս մասին ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նշեց ԲՀԿ պատգամաւոր՝ Արման Աբովեան։

Նշենք, որ ընդդիմութիւնը ռազմական դրութիւնը չեղեալ համարելու նախագիծ ներկայացուցած էր, ինչ որ չընդունուեցաւ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովին մէջ։

Ինչ կը վերաբերի իշխանութեան ներկայացուցիչներու պնդումներուն, թէ փակ փողոցները կը խոչընդոտեն քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը, Աբովեան կ’ըսէ, թէ ամսու 10-էն յետոյ ամբողջ ազգի իրաւունքները ոտնահարուած են․

«Ինչու չեն խօսում Շուռնուխում ՀՀ քաղաքացիների ոտնահարուած իրաւունքների մասին, ինչու չեն խօսում, որ ՀՀ քաղաքացին Գորիսով գնում է, մեր հողի վրայ տեսնում է զէնքով թուրք կամ ատրպէյճանցի»։

Աբովեան համոզուած է, որ իշխանութիւնը կը վախնայ, բայց թէ ինչէն՝ չի մանրամասներ։

Աբովեան նաեւ յայտարարեց, որ Գագիկ Ծառուկեան ըսած է, որ վարչապետի հրաժարական, ապա արտահերթ ընտրութիւններ, որեւէ պարագային, ըստ Աբովեանին, փողոցային պայքարը պիտի չնահանջէ, քանի դեռ այս իշխանութիւնները չեն հեռացած։

Աբովեանին հարցուցինք, արդեօ՞ք ԲՀԿ-ն համաձայն է Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան պարագային արտահերթ ընտրութիւններուն, վերջինս չյստակացուց․

«Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հաւաքուել է մի գաղափարի շուրջ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացում, դրանից յետոյ պէտք է լինեն ընտրութիւններ, իւրաքանչիւր ուժ իրաւունք ունի արտայայտել իր կարծիքը, փրկութեան շարժման հիմնական գործառոյթն այն էր, որ իշխանութիւնը եկել է այն մտքին, որ առանց արտահերթ ընտրութիւնների իրավիճակն աւելի է լարւում։ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է տայ հրաժարական, եւ լինեն արտահերթ ընտրութիւններ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment