Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լրագրողական Կազմակերպութիւնները Դատապարտած են «Ազատութիւն» Ռատիօկայանի Նկարահանող Խումբին Դէմ Եղած Գրոհը

Լրագրողական Կազմակերպութիւնները Դատապարտած են «Ազատութիւն» Ռատիօկայանի Նկարահանող Խումբին Դէմ Եղած Գրոհը

by MassisPost

Լրագրողական կազմակերպութիւնները յայտարարութիւն տարածած են Փետրուար 23-ին, ԶԼՄ-ներկայացուցիչներու նկատմամբ կիրառուած բռնութեան դէպքերու վերաբերեալ:

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Փետրուար 23-ին, Երեւանի մէջ ընդդիմադիր ուժերու բողոքի հաւաքին յաջորդած երթի ժամանակ, խումբ մը քաղաքացիներ յարձակած են իրադարձութիւնները լուսաբանող «Ազատութիւն» ռատիոկայանի աշխատակիցներուն վրայ։ Ցուցարարներու խումբ մը վիրաւորած եւ հայհոյած է անոնց, սպառնացած, որ ռատիոկայանը պիտի փակեն։

Ապա այդ մարդիկ հարուածներ հասցուցած են լրագրող՝ Արտակ Խուլեանին ու աշխատակից՝ Կարէն Չիլինգարեանին եւ վնասած տեսախցիկը։

Նոյն օրը ցուցարարներու նկատմամբ կիրառուած ոստիկանական գործողութիւններու ընթացքին, հարուած ստացած է «Sputnik Արմենիա» կայքի աշխատակից՝ Արամ Ներսիսեան։

«Անընդունելի եւ դատապարտելի համարելով փոխադարձ ատելութիւն տարածելը՝ համոզմունք ենք յայտնում, որ լրատուամիջոցների աշխատակիցների հանդէպ յարձակողական պահուածքի համար մեծապէս պատասխանատու են ցոյցերի եւ երթերի կազմակերպիչները, որոնք համակիրների շրջանում անհանդուրժողականութիւն են սերմանում «ոչ իւրային» ԶԼՄ-ների նկատմամբ։ Դրա վառ օրինակն է նաեւ «Ազատութեան» հետ կապուած վերջին միջադէպը. ընդդիմութիւնը վաղուց իր հետեւորդներին ներշնչել է՝ իբր այդ ռատիոկայանը գործում է ի շահ Փաշինեանի կառավարութեան», – նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Լրագրողական կազմակերպութիւնները, արձանագրած են նաեւ, որ այս ամէնը չի նպաստեր հասարակութեան համախմբման, «ինչն այսօր չափազանց կարեւոր է»։

Անոնք ՀՀ ոստիկանութենէն պահանջած են բացառել ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու աշխատանքի ցանկացած խոչընդոտում եւ բացայայտել վերոյիշեալ միջադէպերու մասնակիցները ու բռնութիւն իրագործողները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել զանոնք, ինչպէս նաեւ՝ ծառայողական քննութիւն կատարել ձեռնարկուած գործողութիւններու իրաւաչափութիւնը գնահատելու համար: Բողոքի հաւաքները կազմակերպող ընդդիմադիր քաղաքական ուժերէն պահանջած են յստակ ուղերձ յղել իրենց համակիրներուն եւ հետեւորդներուն՝ լրատուամիջոցներու նկատմամբ յարձակման եւ անհանդուրժողականութեան անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ՝ անկախ անոնց քաղաքական ուղղուածութենէն։

«Վերջին ամիսների ընթացքում մենք արձանագրել ենք նաեւ մի շարք միջադէպեր, երբ իշխանութեան ներկայացուցիչներն ու նրանց համակիրներն են խտրական եւ վիրաւորական վերաբերմունք ցուցաբերել լրագրողների նկատմամբ, թիրախաւորել ընդդիմադիր դաշտի ԶԼՄ-ների ներկայացուցիչներին», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ՝ Փետրուար 20-ի հանրահաւաքի ժամանակ, կրկին թիրախ դարձած էր «Ազատութիւն» ռատիոկայանը։ Ընդդիմադիր ուժի ներկայացուցիչ՝ Նարեկ Սամսոնեան խոչընդոտած էր ԶԼՄ-ի աշխատանքը, իսկ երբ ռատիոկայանի թղթակիցը դիմած է այդտեղ գտնուող ոստիկաններուն, վերջիններս անտարբերութիւն եւ անգործութիւն ցուցաբերած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment