Home Uncategorized Փաշինեանի Հրաժարականի Հանրային Պահանջ Կայ․ Արտահերթ Ընտրութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան․ Մարուքեան

Փաշինեանի Հրաժարականի Հանրային Պահանջ Կայ․ Արտահերթ Ընտրութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան․ Մարուքեան

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան վստահ է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան: Այս մասին Մարուքեան ըսած է Փետրուար 8-ին, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

«Արտահերթ ընտրութիւնները կը լինեն, ե՞րբ, ո՞նց…»,- ըսած է Մարուքեան, նշելով, որ իրենք պիտի մասնակցին այդ ընտրութիւններուն:

Անդրադառնալով Փաշինեանի առաջարկած յուշագիրին, Էտմոն Մարուքեան նշած է, որ իր դիրքորոշումը այդ հարցի շուրջ չէ փոխուած:

«Ես չեմ ստորագրելու ոչ մի յուշագիր, թող հրաժարական տայ»,- նշած է ԼՀԿ-ի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment