Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի մէջ «Սփութնիք V»-ով Պատուաստուած Քաղաքացիներուն Մօտ Որեւէ Բարդութիւն Չէ Արձանագրուած

Հայաստանի մէջ «Սփութնիք V»-ով Պատուաստուած Քաղաքացիներուն Մօտ Որեւէ Բարդութիւն Չէ Արձանագրուած

by MassisPost

Ռուսաստանէն նուէր եկած «Սփութնիք V»-ով պատուաստուած 15 քաղաքացիներուն մօտ պատուաստէն ետք որեւէ բարդութիւն չէ արձանագրուած,  հաստատած է Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի փոխ տնօրէն, որ մէկն է պատուաստը ստացողներէն։

Գայանէ Սահակեանի խօսքով՝ Յունուարի վերջին, Փետրուարի սկիզբին, ներմուծուող պատուաստներու նոր խմբաքանակով կը պատուաստուին վտանգաւոր խումբերու մէջ գտնուող քաղաքացիները՝ տարեցները եւ քրոնիկ հիւանդութիւն ունեցողները։ Պայմանագիրը միջազգային «Քովաքս ֆասիլիթի» նախաձեռնութեան հետ արդէն առկայ է։

«Բանակցութիւններ ենք տանում նաեւ ռուսական արտադրողի հետ, բանակցութիւններ են տարւում նաեւ այս պահին ամբողջ աշխարհում կիրառուող Pfizer-BioNTech պատուաստանիւթն ունենալու երկրում, «Մոտերնա»-ի շուրջ, որովհետեւ մեզ համար շատ կարեւոր է պատուաստանիւթի անվտանգութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը։ Բոլորդ էլ շատ լաւ գիտէք, որ այս պահին դեռեւս այս երեք պատուաստանիւթն է եւ գումարած դրան անգլիական AstraZeneca պատուաստանիւթի վերաբերեալ յստակ կան հետազօտութիւններ, քլինիքական փորձարկումների արդիւնքներ», – ըսաւ Սահակեան։

Աշխարհի, ներառեալ՝ հարեւան երկիրներուն մէջ, համաճարակային վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ, ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուր վերջին շաբաթներուն կայունացում կը նկատուի։

Գայանէ Սահակեան, սակայն, այս ոչ թէ լիցքաթափուելու, այլ զգօնութիւնը առաւել աւելցնելու պատճառ կը համարէ։ Խօսիլ Հայաստանի մէջ 3-րդ ալիքի բռնկման մասին, դեռ չեն շտապեր, բայց տօնական օրերու հաղորդակցութիւններէն յետոյ չեն ալ բացառեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment