Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան. Հաստատուած Է «Քորոնա» Ժահրի 861 Նոր Դէպք, Առողջացած Է 1223 Քաղաքացի

Հայաստան. Հաստատուած Է «Քորոնա» Ժահրի 861 Նոր Դէպք, Առողջացած Է 1223 Քաղաքացի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 18-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 861 նոր դէպք, առողջացած է  1223 քաղաքացի, իսկ մահացած է՝ 15-ը: Այս մասին նշուած է ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը:

Մէկ օրուայ մէջ կատարուած է 2567 հետազօտութիւն: Հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը այսպիսով հասած է 561013-ի:

Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 152253 դէպք, որոնցմէ 131213-ն` առողջացած, 2596-ը` մահացած: «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 17796 հիւանդ:

Նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ հիւանդները ունեցած են «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 648 է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment