Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մէկ Միլիոն Հարիւր Հազար Տոլար՝ 1000+ Հիմնադրամին

Մէկ Միլիոն Հարիւր Հազար Տոլար՝ 1000+ Հիմնադրամին

by MassisPost

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը «Մենք Ենք, Մեր Սահմանները» դրամահաւաքի շրջագիծէն ներս հանգանակուած գումարներէն Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին կը փոխանցէ 1 մլն 100 հազար ԱՄՆ Տոլար գումար:

Այս գումարի 932.892 ԱՄՆ Տոլարը հանգանակուած եւ Հիմնադրամին տրամադրած է OneArmenia կազմակերպութիւնը, իսկ 100.000–ը Հիմնադրամի Մոնրեալի տեղական մարմինը, մնացած գումարը՝ 67.108 ԱՄՆ Տոլար, փոխանցումներ եղած են անհատ նուիրատուներու կողմէ:

Բոլոր պարագնելուն ալ նուիրատուներու հետ նախապէս համաձայնութիւն եղած է, կամ փոխանցման նպատակը յատուկ նշուած է եւ եղած է խնդրանք՝ գումարը փոխանցել Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամ, ինչ որ իրականացուած է:
Հիմնադրամը կը շարունակէ աջակցիլ նաեւ վիրաւոր զինծառայողներու բուժման եւ առողջութեան վերականգնման տարբեր ծրագիրներուն:

Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս կը շարունակուին  հայրենիքին սատարման եւ արցախցիներուն օգնելու նպատակով դրամահաւաքները: Վերջինը Արժանթինի մէջ մի քանի օր առաջ սկսած   Ֆոնեթոնն էր, որու արդիւնքները շուտով կ՚ամփոփուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment