National Interest ամերիկեան պարբերականի վերլուծաբան՝ Մայքլ Ռուպինի հաղորդմամբ, Ատրպէյճանը Նոյեմբեր 9-ը՝ եռակողմ համաձայնութեան օրը, կարող է համարել Հայաստանի նկատմամբ յաղթանակի օր, բայց երբ տօնախմբութիւններու օրերը անցնին, ատրպէյճանցիները գուցէ եւ կը սկսին գիտակցիլ, որ այդ երկրի իրական անկախութեան աւարտի մեկնարկն է:
Նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը կարողացած է վերադարձնել հօր՝ Հեյտար Ալիեւի ղեկավարման օրօք հայերու հսկողութեան տակ անցած տարածքները, ան կարողացած է յաջողութեամբ մոլորեցնել ամերիկացիները՝ խոստանալով դիւանագիտական ջանքերով լուծել խնդիրը ու անոր դիմաց զէնք եւ փող կուտակել անսպասելի ռազմական յարձակում կատարելու համար, ան կարողացած է ամրացնել իր անձնական իշխանութիւնը եւ դարձած է Թուրքիոյ ու Ռուսաստանի անփոխարինելի դաշնակիցը:
Ատրպէյճանը յաղթած է, Հայաստանը՝ պարտուած, բայց Ատրպէյճանն ալ կորսնցուցած է, քանի որ այդ յաղթանակը ձեռք բերուած է երկրի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան հաշւոյն, ընդգծած է Ռուպինը։
Հիմա Ատրպէյճանի մէջ ռուսական զօրքն է, որու նպատակն է երաշխաւորել հրադադարը: Սակայն, ինչպէս Ռուպին նշած է, Ատրպէյճանի մէջ պէտք է լաւ իմանան, որ ռուսերը, որպէս կանոն, «շատ արագ կու գան եւ շատ դանդաղ կը հեռանան»:
Թուրքերն ալ դժուար թէ հեռանան Ատրպէյճանէն: Եթէ Ատրպէյճանի նպատակն էր վերադարձնել 1988-94 թուականին կորսնցուցած տարածքները, ապա նախագահ Ռէճէպ Էրտողանը ունի շատ աւելի հեռու գացող փանթրքական ծրագիրներ եւ կը ցանկանայ ստեղծել ու առաջնորդել Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքալեզու պետութիւններու հետ մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական դաշինքը: Այն կ’երկարի մինչեւ Չինաստանի ոյղուրներու երկրամաս, զոր տեղացիները կ’անուանեն «Արեւելեան Թուրքիստան»:
Այս ղարաբաղեան պատերազմին, թուրքերը հասած են Ատրպէյճան եւ ռազմական օգնութիւն տրամադրած են, եւ հիմա Ալիեւը չունի անոնց հեռացումը խնդրելու կարողութիւն, նոյնիսկ եթէ ցանկանայ այդ ընել:
Առաջին անգամ 1918 թուականին Ատրպէյճանը հռչակած է անկախութիւն, սակայն 23 ամիս անց եկած են ռուս պոլշեւիկները, ու անկախութիւնը փոխարինուած է խորհրդային իշխանութեամբ:
Երկրորդ անգամ Ատրպէյճան անկախութիւն հռչակած է 1991-ին: Այս փորձը աւելի երկար տեւած է, բայց հիմա՝ 2020-ին, նոյն աւարտն է, երբ եկած են օտար զօրքեր:
Անոնցմէ մէկը կ’ենթարկուի Քրեմլինին, միւսը՝ Աք Սարային (Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահի նստավայրը):
«Գուցէ եւ այս զարգացումներով կը նշանաւորուի Ատրպէյճանի իրական անկախութեան կորուստի սկիզբը», – կարծիք կը յայտնէ ամերիկացի վերլուծաբան՝ Մայքլ Ռուպին: