Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գերիներու Փոխանակման Գործընթացին Մէջ Հայկական Կողմը Կ’առաջարկէ Կիրառել «Բոլորը Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքը

Գերիներու Փոխանակման Գործընթացին Մէջ Հայկական Կողմը Կ’առաջարկէ Կիրառել «Բոլորը Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքը

by MassisPost

Գերիներու փոխանակման գործընթացին մէջ հայկական կողմը կ’առաջարկէ կիրառել «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքը, յայտարարած է փոխվարչապետ՝ Տիգրան Աւինեանը Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրկինի հետ հանդիպման ժամանակ։

Կ’առաջարկուի նաեւ ստեղծել մեքենականութիւն, որուն համաձայն, եթէ ապագային կողմերէն որեւէ մէկուն մօտ նոր գերիներ յայտնուին, ապա անոնք անմիջապէս ու առանց որեւէ նախապայմաններու ետ վերադարձուին:

Ատրպէյճանի գերիներու ու անյայտ կորածներու հարցերով պետական յանձնաժողովն ալ յայտարարած էր, որ կողմ է գերիներու փոխանակման հարցով «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքին։ Այս սկզբունքի մասին Պաքուն կը խօսէր՝ պատերազմէն առաջ ալ, անոնք պատրաստ էին Ատրպէյճանի կողմը գտնուող քանի մը հայ գերիներ՝ խաղաղ բնակիչներ, փոխանակել Արցախի մէջ դատապարտուած ատրպէյճանցի ներթափանցողներ՝ Տիլհամ Ասքերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի հետ։ Հայկական կողմը համաձայն չէր սահմանը պատահմամբ հատած հայերն ու ծանր յանցագործները նոյն՝ հաւասար հարթութեան մէջ դիտարկել։ Այժմ հայկական կողմը կը յայտարարէ բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքի կիրառման մասին, արդեօք այս կը վերաբերի նաեւ այս պատերազմէն առաջ գերեվարուածներուն՝ առայժմ յստակ չէ։

Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք կան տուեալներ ատրպէյճանական կողմի մօտ գտնուող 60 հայ ռազմագերիներու մասին։ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարած է, որ անոնց մեծ մասի ինքնութիւնը պարզուած է համացանցին մէջ տարածուող տեսանիւթերու ու հարազատներու ներկայացուցած այլ ապացոյցներու հիման վրայ։

Խաղաղ բնակիչներ՝ շուրջ 12 հոգի գերեվարուած են համաձայնագրի ստորագրումէն ետք՝ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհին։ Պատերազմէն 23 օր անցած է, գերեվարուած, անյայտ կորած զինծառայողներու ծնողները գերատեսչական տարբեր շէնքերու առջեւ ցոյցեր կ’ընեն, գերեվարուած խաղաղ բնակիչներու հարազատները Կարմիր խաչի դռներուն մօտ են՝ որեւէ տեղեկութիւն կը սպասեն իրենց հարազատի վերաբերեալ։

Ժաննա Ղազարեանի ամուսինը՝ 40-ամեայ Դաւիթ Իսահակեանը գերեվարուած է Նոյեմբեր 11 -ին, Գիշի՝ սեփական տուն վերադարձող տարեց ամուսիններուն հետ։

«Երէկ չէ առաջին օրն եմ երեկոյեան զանգ ստացել Կարմիր խաչի աշխատակցի կողմից՝ Ատրպէյճանը հաստատել է, որ Դաւիթ Իսահակեանը գտնւում է իրենց մօտ: Ես հարցրի՝ որ քաղաքում է, ինչ վիճակում է, ասացին՝ ողջ-առողջ է, բայց որ քաղաքում է եւ միւս հարցերի պատասխանն ընթացիկ կարգավիճակում են գտնւում: Իրենց յաջորդ քայլերը պէտք է արդէն լինի Դաւիթին այցելելը: Հաղորդագրութիւն փոխանցեցի եւ պահանջեցի, որ իրենք էլ տեսաձայնագրման միջոցով, թէ նամակի միջոցով, հնարաւոր բոլոր միջոցներով ինձ Դաւիթից տեղեկատւութիւն փոխանցեն», – ըսած է Ժաննա Ղազարեանը:

Աւելի քան 50 հայ գերիներու հարցով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչն ու իրաւապաշտպանները դիմած են Սթրասպուրկի դատարան։

Ժաննա Ղազարեանն ըսած է՝ Պաքուն դեռ Նոյեմբեր 30-ին պէտք է տեղեկատւութիւն տրամադրէր ամուսինի վերաբերեալ, բայց պատճառաբանած են՝ թէ COVID-ի պատճառով պիտի ուշացնեն պատասխանը դատարանին։

Եռակողմ համաձայնագրի 8-րդ կէտով նշուած է՝ տեղի կ’ունենայ ռազմագերիներու պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց ու մահացածներու մարմիններու փոխանակում: Որեւէ ժամկէտ կամ գործընթացի արագ եւ անյապաղ իրականացման վերաբերեալ համաձայնագրին մէջ բառ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment