Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կառավարութիւնը Վերացուց Ռազմական Դրութեան Ծիրէն Ներս Գործող Սահմանափակումները

Կառավարութիւնը Վերացուց Ռազմական Դրութեան Ծիրէն Ներս Գործող Սահմանափակումները

by MassisPost

Կառավարութեան որոշմամբ վերացուած են ռազմական դրութեան ծիրէն ներս գործող սահմանափակումները: Այս մասին որոշումը հրապարակուած է e-gov.am պաշտօնական կայքէջով:

Կառավարութեան որոշման մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ի «Հայաստանի Հանրապետութիւնում ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին» N 1586-Ն որոշման յաւելուածի 3-րդ, 4-րդ գլուխները, ինչպէս նաեւ 15-րդ կէտն ուժը կորցրած ճանաչել: Սոյն որոշումը ուժի մէջ է մտնում հրապարակուելուց յետոյ` անմիջապէս»:

Կառավարութեան դիմատետրի էջին վրայ նշուած է, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնում ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին» կառավարութեան որոշման մէջ կատարուած են հետեւեալ փոփոխութիւնները, կը վերացուի հաւաքներու, գործադուլներու կազմակերպման եւ մասնակցելու արգելքը: Կը վերացուի հրապարակումներու եւ հաղորդումներու սահմանափակումներու արգելքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածք յատուկ մուտքի եւ ելքի ռեժիմն ու սահմանափակումները։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուած էր Սեպտեմբեր 27-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment