Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ըստ Էրտողանին՝ Ռուսաստանը, Թուրքիան Եւ Ատրպէյճանը Կը Դառնան Հարաւային Կովկասի Անվտանգութեան Երաշխաւորը

Ըստ Էրտողանին՝ Ռուսաստանը, Թուրքիան Եւ Ատրպէյճանը Կը Դառնան Հարաւային Կովկասի Անվտանգութեան Երաշխաւորը

by MassisPost

Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը դառնան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան երաշխաւորը, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանը խորհրդարանէն ներս։

«Մենք մեծ ներդրում ունեցանք անարդարութեան վերացման գործով, որ կը տիրէր Ատրպէյճանի մէջ 30 տարի», – պնդած է Էրտողանը, ընդգծելով, որ Անգարան պիտի շարունակէ ջանքերը այս ուղղութեամբ։

«Ես երէկ քննարկած եմ [հրադադարի պահպանման] հարցը Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ, մենք համատեղ այդ կարող ենք երաշխաւորել, բայց նաեւ հնարաւորութիւն ունինք բարելաւելու այդ գործընթացքը», – ըսած է Թուրքիոյ նախագահը՝ մանրամասնելով․ – «Եթէ ներգրաւենք նաեւ տարածաշրջանային չորրորդ կամ հինգերորդ երկիրը, կարող ենք բոլորովին այլ իրավիճակ ստեղծել»։ Թէ յատկապէս որ երկիրներու մասին է խօսքը, Էրտողանը չէ յստակացուցած։

Քրեմլինի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով այսօր՝ Նոյեմբեր 25-ին հրաժարած է մեկնաբանել Թուրքիոյ նախագահի այս յայտարարութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment