Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գագիկ Ծառուկեան Խախտած Է Օրէնքը եւ Պէտք Է Դադրեցուի Պատգամաւորական Լիազօրութիւնները

Գագիկ Ծառուկեան Խախտած Է Օրէնքը եւ Պէտք Է Դադրեցուի Պատգամաւորական Լիազօրութիւնները

by MassisPost

Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովը եզրակացուցած է, որ ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեան խախտած է օրէնքը, ըլլալով պատգամաւոր` միաժամանակ զբաղած է նաեւ իր ձեռնարկատիրութեան կայսրութեան կառավարմամբ։

Սահմանադրութեան 95 յօդուածի համաձայն` պատգամաւորը, ի թիւս այլ արգելքներու, չի կրնար զբաղիլ ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ: Սահմանադրութեան այս յօդուածը ու քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովի եզրակացութիւնը հիմք ընդունելով՝ երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16-ին, Ազգային ժողովի խորհուրդը որոշման նախագիծ հրապարակած էր Ծառուկեանի պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ։ Հարցի քննարկումը, սակայն, մէկ շաբաթով յետաձգուեցաւ, քանի որ Ծառուկեան ներկայ չէր խորհուրդի նիստին։ Յաջորդ շաբաթ նիստը կրնայ տեղի ունենալ առանց անոր ներկայութեան։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը քաղաքական հետապնդում կ’որակէ Ազգային ժողովի խորհուրդի այս նախաձեռնութիւնը։

Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովի նախագահ՝ Հայկուհի Յարութիւնեան ըսած է. «20 թուականին յստակ 2 կազմակերպութեան առնչութեամբ իրականացրել է այնպիսի գործողութիւններ, որոնք աւելի շատ վերաբերելի են հենց հաւատարմագրային կառավարչի լիազօրութիւններին եւ արդէն պայմանագրով յանձնուած են եղել յստակ հաւատարմագրային կառավարչի իրականացմանը, այսինքն` յստակ տնօրէնի նշանակում, մէկ այլ տեղ տնօրէնին աշխատանքից ազատելը, յստակ ընդհանուր ժողովի մասնակցութիւնը եւ նախագահումն արդէն հանդիսանում են Հանրային ծառայութեան մասին օրէնքով անհամատեղելիութեանն առաջադրուած պահանջ-կանոնների խախտումներ»:

Ծառուկեանի ներկայացուցիչ, փաստաբան՝ Էմին Խաչատրեանը յանձնաժողով ներկայացուցած է իրենց փաստարկները, որ Առուստամեան չէ կարողացած կատարել իր աշխատանքը, եւ Ծառուկեան նոր գործադիր մարմնի ղեկավար նշանակած է, իսկ այդ չի կրնար դիտուիլ որպէս ընկերութեան կառավարման մասնակցութիւն, հաւաստիացուցած է Ծառուկեանի փաստաբանը. «Սոյն օրէնքի իմաստով առեւտրային կազմակերպութիւնում, այնտեղ բացառութիւն կայ կ’ասեմ, պաշտօն զբաղեցնելու նորք հասկացուում է առեւտրային կազմակերպութեան կառավարման մարմնում ընդգրկուած լինելը: Չունենք այդ դէպքը, առեւտրային կազմակերպութիւնում ցանկացած այլ պաշտօն զբաղեցնելը, չունենք այդ դէպքը, առեւտրային կազմակերպութեան գոյքի հաւատարմագրային կառավարիչ լինելը, չունենք այդ դէպքը: Հիմա այստեղ փորձում են, փորձ է կատարուում այդ մի հատ ստորագրութիւնը բերել, տեղաւորել այս օրէնքի տրամաբանութեան մէջ»:

Բայց ըստ յանձնաժողովին` տարբեր ժամանակներով Ծառուկեան հանդէս եկած է գործարարի դիրքերէ։ 2018 թուականին Ծառուկեան ստորագրած է «ԿՈՏԱՅՔ» գարեջուրի գործարանի կանոնադրութեան փոփոխութիւնը, անկէ յետոյ ալ՝ 2020-ին, կնքած է աշխատանքային պայմանագիրի փոփոխութիւններ, այն պարագային, երբ հաւատարմագրային կառավարիչը ինքը կրնար այդ ընել։

Ծառուկեան Հայաստանի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկն է, ըստ քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովին` բաժնեմաս ունի աւելի քան 54 ընկերութեան մէջ։ Յանձնաժողովի եզրակացութիւնը անհիմն համարող փաստաբանը իրենց դիտարկումները կը ներկայացնէ ԱԺ խորհուրդին, որ առաջիկայ շաբաթ պէտք է քննարկէ Ծառուկեանը պատգամաւորական մանտաթէն զրկելու համար Սահմանադրական դատարան դիմելու որոշման նախագիծը։ Փաստաբանը կը պնդէ, որ Սեդրակ Առուստամեանը բանտն էր, եւ որպէսզի գործարկատիրութեան կառոյցները չկազմաքանդուին, արագ լուծում տրուած է։ Բայց այդ ամենեւին չի նշանակեր, որ Ծառուկեան ինք կը կառավարէ իր գործարկատիրութիւնը. «Հարցը դա է, որ երբ որ նման բարդ իրավիճակի առաջ ենք կանգնել, երբ որ պարոն Առուստամեանին ձերբակալել են, յետոյ կալանաւորել են, մենք սպասել ենք ահագին, որ պէտք է վերջը էդ անհիմն կալանաւորումը վերացուի, ու դրա արդիւնքում նոր այդ մասերով երբ որ անհնարին է դարձել, որ պատշաճ կերպով պարոն Առուստամեանն իրականացնի իր վրայ դրուած պարտականութիւնները, այ դրանից յետոյ որ չկազմալուծուի այդ կազմակերպութիւնները, յետոյ այդտեղ էլի եմ ասում` շատ կարեւոր հանգամանք է, որ պարոն Ծառուկեանն անձամբ չի որոշել, թէ ում նշանակի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment