Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Արգիլեց «Գորշ Գայլեր»Ու Գործունէութիւնը

Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Արգիլեց «Գորշ Գայլեր»Ու Գործունէութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսայի կառավարութիւնը այսօր՝ Նոեմբեր 4-ի կայացած նիստի ընթացքին, պաշտօնապէս որոշած է երկրի տարածքին վրայ արգիլել թուրք ազգայնականները միաւորող «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը։

«Այս կազմակերպութիւնը խտրականութիւն եւ ատելութիւն կը տարածէ, իսկ անոր անդամները ներգրաւուած են բռնի գործողութիւններու մէջ», – կառավարութեան նիստի աւարտին Twitter-ով գրած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար՝ Ժերալտ Տարմանեն։

Կազմակերպութիւնը ֆրանսացի իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Լիոնի մէջ տեղի ունեցած շարք մը հակահայկական բնոյթի միջադէպերէն յետոյ։ Անոնցմէ մէկու ընթացքին յարձակման ենթարկուած էին Լիոն ապրող հայերը, ինչի հետեւանքով չորս մարդ վիրաւորուած էր։ Նախորդ հանգստեան օրերուն թուրք ազգայնականները պղծած էին Լիոն գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment