Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽ-ը Պէտք Է Պաշտպանէ Արցախի Քաղաքացիներու Ապրելու Իրաւունքը», Ընդգծած Է Մնացականեան

ԵԽ-ը Պէտք Է Պաշտպանէ Արցախի Քաղաքացիներու Ապրելու Իրաւունքը», Ընդգծած Է Մնացականեան

by MassisPost

«Եւրոպայի խորհուրդը պէտք է վճռականութիւն ցուցաբերի եւ պաշտպանի Արցախի հասարակ քաղաքացիների ապրելու իրաւունքը, ինչպէս դա պահանջել է Եւրոպական դատարանը Հայաստանի դիմումի հիման վրայ», – յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ ելոյթ ունենալով ԵԽ Նախարարներու կոմիտէի 130-րդ առցանց նստաշրջանին:

Հայաստանի ԱԳՆ-ը կը տեղեկացնէ, որ իր ելոյթին Մնացականեան ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնամաշտապ յարձակման հետեւանքները՝ ուղեկցուող պատերազմի յանցագործութիւններով, մարդու իրաւունքներու եւ ԵԽ իրաւապայմանագրային կարգի խախտումներով:

Նախարար Մնացականեան յորդորած է ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներ՝ ապահովելու կազմակերպութեան անարգել մուտքը հակամարտութեան գօտիներ։

ԱԳ նախարարը նշած է, որ «Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի մէջ զինեալ ահաբեկիչներու տեղակայումն այդ երկու երկիրներու կողմէ ստորագրուած ԵԽ առնուազն երեք համաձայնագիրներու խախտում է»:

Զօհրաբ Մնացականեան նաեւ ներկայացուցած է, որ ինչպէս ահազանգած է Գլխաւոր քարտուղարը, Արցախի մէջ առկայ է մարդասիրական ճգնաժամ՝ նշելով. «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սպիտակ ֆոսֆորի կիրառմամբ կը հրդեհեն անտառները, ինչ որ կը հակասէ շրջակայ միջավայրի պահպանման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ վերջին շրջանին մեր գործադրած ջանքերուն»։

Մնացականեան նշած է, որ հայկական կողմը համակարծիք է, որ պէտք է հաստատուի հրադադար եւ քանի մը անգամ փորձ կատարուած է, բայց Ատրպէյճան տապալած է բոլոր փորձերը:

«Մենք համակարծիք ենք, որ պէտք է հրաժարուել ատելութեան խօսքից, սակայն մենք տասնամեակներ շարունակ ապրում ենք մեր հարեւաններից երկուսի կողմից հնչող ատելութեան հռետորաբանութեան պայմաններում: Դա յստակ կերպով արձանագրուած է Եւրոպայի խորհրդի դիտորդական զեկոյցներում: Մենք համակարծիք ենք, որ լրագրողներին պէտք է հասանելիութիւն տրուի պատերազմը տեղում լուսաբանելու համար։ Մենք հաւատարմագրել ենք հարիւրաւոր միջազգային լրագրողների, ովքեր տեղում ականատես են եղել աւերածութիւններին եւ մարդասիրական աղէտին: Նրանցից ոմանք միտումնաւոր թիրախաւորուել են Ատրպէյճանի կողմից», – ընդգծած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Մնացական նշած է՝ «իրապէս մենք կիսում ենք ձեր գնահատականները, ձեր յայտարարութիւնները», աւելցնելով, որ յայտարարութիւնները, սակայն, այլեւս բաւարար չեն:

«Միջոցներ պէտք է կիրառուեն՝ պարտադրելու Թուրքիային զերծ մնալ ցանկացած գործողութիւնից, որոնք յանգեցնում են Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան` Համաձայնագիրով նախատեսուած իրաւունքների խախտմանը, ինչը նոյնպէս մատնանշել է Եւրոպական դատարանը: Արեւելեան Միջերկրականում, Հիւսիսային Ափրիկէյում, Մերձաւոր Արեւելքում, իսկ այժմ էլ՝ Հարաւային Կովկասում Թուրքիայի ապակայունացնող դերը պէտք է հասցէագրուի», – յայտարարած է Մնացականեան։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յորդորած է անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել` հակամարտութեան գօտիներ անարգել մուտք ապահովելու համար. «Նախարարների կոմիտէին յորդորում եմ վճռորոշ քայլեր ձեռնարկել եւ արժանի լինել ԵԽ հիմնադիր հայրերի ժառանգութեանը: Խաղաղութեան ու բարգաւաճման, Եւրոպայում առաւել լայն միասնութեան ժառանգութեանը: Սակայն այս շարունակուող պատերազմի վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտելու կամ նոյնիսկ հակամարտութեան գօտիներում բնակուող մարդկանց առողջապահական կարիքներն ընկալելու անկարողութիւնը վկայում է առկայ խորը ճգնաժամի մասին: Կոմիտէն պէտք է գործողութիւններ ձեռնարկի, այլապէս կարող է առերեսուել ժամանակավրէպ դիտարկուելու վտանգին»:

Մնացականեան նաեւ աւելցուցած է, որ Եւրոպայի խորհուրդին անդամակցելու ատեն Ատրպէյճան, ինչպես եւ Հայաստան, պարտաւորութիւն ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու խաղաղ ճանապարհով. «Ատրպէյճանն այժմ խախտում է այդ յանձնառութիւնը եւ բացայայտ կերպով ընդունում, որ մտադիր է հակամարտութիւնը լուծել ուժի միջոցով: Կազմակերպութիւնը պէտք է հասցէագրի այս խախտումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment