Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 1058-ով՝ հասնելով 58 624-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 7 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Այսօր՝ Հոկտեմբեր 14-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 385-ով եւ հասած 46 713-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 2 877 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 332 154-ի:
Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հիւանդները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ, բացի 47 տարեկան տղամարդէն։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 3 դէպք, երբ հիւանդները ունեցած են «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 1039-ի, եւս 311 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10561 մարդ: