Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 1058-ով, Բուժուածներունը՝ 385-ով, Գրանցուած Է Մահուան 7 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 1058-ով, Բուժուածներունը՝ 385-ով, Գրանցուած Է Մահուան 7 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 1058-ով՝ հասնելով 58 624-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 7 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 14-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 385-ով եւ հասած 46 713-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 2 877 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 332 154-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հիւանդները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ, բացի 47 տարեկան տղամարդէն։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 3 դէպք, երբ հիւանդները ունեցած են «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ  հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 1039-ի, եւս 311 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10561 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment