Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ․ Ուժերու Ներածին Չափով Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերենք Լիբանանի Կառավարութեան Եւ Տեղւոյն Հայ Համայնքին

Վարչապետ․ Ուժերու Ներածին Չափով Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերենք Լիբանանի Կառավարութեան Եւ Տեղւոյն Հայ Համայնքին

by MassisPost

Դեղորայք, սնունդ եւ այլ պարագաներ տեղափոխող օդանաւը Երեւանէն Պէյրութ կը մեկնի հաւանաբար շաբաթ օրը, Կառավարութեան նիստին յայտարարեց փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեան:

«Կարծում եմ, մենք այսօր օրուայ վերջ ե՛ւ այն օգնութեան չափաքանակը ե՛ւ տեսակը վերջնական ու ամբողջական կ’ունենանք ե՛ւ թէ ժամկէտները ինչ են լինելու: Ենթադրում ենք, որ դա տեղի է ունենալու շաբաթ օրը», – ըսաւ Աւինեան:

«Լիբանանը Հայաստանի ամենամօտ բարեկամների շարքում է», – Պէյրութի հզօր պայթիւնի հետեւանքով մահացածներու ու տուժուածներու ընտանիքներուն սփոփանքի ու զօրակցութեան խօսքեր ուղղեց վարչապետ Փաշինեան, շեշտելով, որ Հայաստան անտարբեր չի կրնար մնալ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդի ու հայկական համայնքի կարիքներու նկատմամբ. – «Հայաստանի Հանրապետութիւնն օգնութիւն ցուցաբերելու իր պատրաստակամութիւնն է յայտնել՝ այդ քաղաքին պատուհասած ողբերգութեան հետեւանքները յաղթահարելու գործում: Մենք ուժերի ներածի չափով աջակցութիւն ենք ցուցաբերելու Լիբանանի կառավարութեանը եւ տեղի հայ համայնքին»:

«Անյետաձգելի օգնութիւն լիբանանահայերուն». «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը սկսած է նոր դրամահաւաք: Անհատ նուիրատուները հնարաւորութիւն ունին իրենց փոխանցումներով օգնել այնտեղի հայերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment