Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիազօրութիւնները Չարաշահելու Կասկածանքով Ձերբակալուած Է Ռոպերթ Նազարեանը

Լիազօրութիւնները Չարաշահելու Կասկածանքով Ձերբակալուած Է Ռոպերթ Նազարեանը

by MassisPost

2003-2018 թուականներու ընթացքին Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը գրաւած Ռոպերթ Նազարեան ձերբակալուած է քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահել) 2-րդ մասով նախատեսուած յանցաւոր արարք կատարելու կասկածանքով:

Յատուկ Քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) յայտնած է, որ քրէական գործով փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որ Նազարեան առանձին տնտեսվարող հաստատութեան համար արտօնութիւններ սահմանելու անձնական շահագրգռուածութենէն եւ խմբային շահերէն ելնելով՝ 2011 թուականի ընթացքին չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

Մասնաւորապէս, ան 2011 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին, ստանալով Հայաստանի մէջ ջրելեկդրական ուժանիւթի  զարգացումը, խրախուսելու պատրուակով, սակայն փաստացի ՀՀ նախկին նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի փեսայի՝ Միքայէլ Մինասեանի հետ փոխկապակցուած անձերու պատկանող «Ձորագետ Հիտրո» ՍՊ (Սահմանափակ պատասխանատուութեամբ) ընկերութեան համար արտօնութիւններ սահմանելու նպատակով ընդունուած, «Փոքր ջրելեկտրակայաններու համար առաւելագոյն հզօրութիւն սահմանելու վերաբերեալ առաջարկութեան մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշումը, առանց առաջարկուող փոփոխութեան շուրջ մասնագիտական պատշաճ ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծութիւններ կատարելու, անտեսելով ՀՀ-ի մէջ առկայ ջրային միջոցներու հնարաւորութիւններն ու անոր ի արդիւնք ջրելեկտրակայաններու կառուցման վիճակագրութիւնը, յանձնաժողովի իրաւասու վարչութեան միջոցով մշակած է համապատասխան որոշման նախագիծ, որմով նախատեսուած է բնական ջրահոսքերու, ոռոգման համակարգերու եւ խմելու ջրատարներու վրայ կառուցուած փոքր ջրելեկտրակայաններու համար մինչ այդ սահմանուած 10 Մ.Ուաթ տեղակայուած հզօրութեան փոխարէն առաւելագոյն հզօրութիւն սահմանել մինչեւ 30 Մ.Ուաթ տեղակայուած հզօրութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ ըստ նախաքննութեամբ ձեռք բերուած տուեալներուն, Ռոպերթ Նազարեանի եւ յանձնաժողովի միւս անդամներու վերոյիշեալ գործողութիւններու պատճառով, «Ձորագետ Հիտրո» ՍՊ ընկերութեան ջրելեկտրակայաններէն արտադրուած եւ առաքուած էլեկտրական ուժանիւթի վաճառքի համար 2012-2019-ի ընթացքին սահմանուելիք սակագիներու փոխարէն, նոյն ժամանակամիջոցին համար սահմանուած են կրկնակին գերազանցող սակագիներ, որու հետեւանքով «Ձորագետ Հիտրո» ՍՊ ընկերութեան կողմէ ՀՀ-ի ելեկտրականութիւն սպառող ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերէ յաւելեալ ստացուած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 7 միլիառ 52 միլիոն 65 հազար 99 դրամ գումար:

Քրէական գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment