Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 526-ով, Բուժուածներունը՝ 573-ով, Գրանցուած է Մահուան 14 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 526-ով, Բուժուածներունը՝ 573-ով, Գրանցուած է Մահուան 14 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 526-ով՝ հասնելով 30346-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 14 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Այսօր՝ Յուլիս 9-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 573-ով եւ հասած 18 հազարի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1995 հետազօտութիւն եւ ընդհանուր թիւը հասաւ 129166-ի:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 535-ի, եւս 170 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին է 11641 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment