Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դարձեալ Աղմուկ` Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Շուրջ

Դարձեալ Աղմուկ` Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Շուրջ

by MassisPost

Յուլիս 1-ին, աւարտին հասաւ Ռուսաստանի սահմանադրական հանրաքուէն եւ պաշտօնական տուեալներու համաձայն ժողովուրդի 78 տոկոսը կողմ արտայայտուած է առաջարկուող փոփոխութիւններուն, որոնց շարքին էր նախագահ Վլատիմիր Փութինի պաշտօնավարման երկու շրջանի սահմանափակումին վերացումը, առիթ տալով որ ան իրաւունք ունենայ մասնակցելու յաջորդ ընտրութիւններուն եւս, երբ 2024 թուականի աւարտի անոր նախագահութեան երկրորդ շրջանը:

Հանրաքուէին առթիւ Հայաստանի Հանրային Հեռատեսիլի երեկոյեան լուրերու ժամով սփռուեցաւ կարճատեւ հաղորդում, որու ընթացքին ցուցադրուեցան Ռուսաստանցի քաղաքացիներու թեր եւ դէմ կարծիքները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ամենէն յայտնի ընդդիմադիրներէն՝ Ալեքսի Նավալնիի քննադատական մի քանի խօսքերը:

Նավալնիի յայտնուիլը Հայաստանի պետական հեռատեսիլի վրայ անմիջապէս աղմուկ յառաջացուց, ու երեւոյթը ներկայացուեցաւ որպէս Ռուսաստանի հանդէպ թշնամական վերաբերմունք:

Հոս փակագիծ մը բանալով յայտնենք որ, Ալեքսի Նավալնին թէեւ արեւմուտքի մէջ կը ներկայացուի որպէս ժողովրդավարութեան ջատագով: Սակայն, իսկութեան մէջ ան սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի ազգայնամոլական շրջանակներուն հետ եւ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ Մոսկուան պէտք է դադրի «կերակրել» Կովկասի ժողովուրդները՝ ներառեալ անշուշտ Հայերը:

Անցեալին, Հանրային Հեռատեսիլը կը ղեկավարուէր նախագահական պալատէն ու եթերը կը գտնուէր խիստ հսկողութեան տակ: Ներկայիս, Հ1-ը կը վայելէ խմբագրական բաւական մեծ անկախութիւն՝ լուրերու ընտրութեան եւ ներկայացման մէջ: Այս նկատելի է Հայաստանի ներքին կեանքին վերաբերող լուրերու եւ հարցազրոյցներու ընթացքի, երբ շատ յաճախ իշխանութիւններու հասցէին կը հնչեն քննադատութիւններ եւ գոյութիւն ունի կարծիքներու այլազանութիւն:

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ ամէն հարց կ՛օգտագործուի իշխանութիւններու հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելու համար, այս առթիւ եւս կառավարութիւնը ամբաստանուեցաւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները «փճացնելու» մէջ: Իսկ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան հակառուսական տրամադրութիւններու արհեստական սրացում, որոնք աշխուժօրէն կ՛իրագործուին «հակահայկական եւ հակապետական ուժերու ջանքերով», աւելցնելով որ ինք՝ որպէս Խորհրդարանէն ներս երկրորդ ուժի ղեկավար պիտի պայքարի «այդ սադրանքները կանխելու համար»: Ծառուկեան, որ այս օրերուն կը գտնուի դատարանի առջեւ՝ ընտրակաշառք բաժանելու մեղադրանքով, այս յայտարարութեամբ, ըստ երեւոյթին կը փորձէ ապահովել Ռուսաստանեան շրջանակներու աջակցութիւնը:

Միւս կողմէ, իշխանութեան ներկայացուցիչները կը հակադարձեն, որ Հայաստանի մէջ չկան հակառուսական տրամադրութիւններ, եւ ոչ ոք չի կրնար հրահրել Հայաստանի մէջ հակառուսական օրակարգեր:

Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ որ, Հայաստանի մէջ կան Արեւմտամէտ քաղաքական մեկնաբաններ եւ ուժեր, որոնք հակառուսական քարոզչութեան լծուած են եւ Հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեակի բոլոր «դժբախտութիւնները» կը վերագրեն Մոսկուային:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եղած է կողմնակից՝ Ռուսաստանի հետ սերտ յարաբերութիւններու մշակման ու զարգացման եւ կը հաւատայ որ այդ համագործակցութիւնը կը բխի Հայաստանի աշխարհաքաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական շահերէն:

Անկախութենէն ասդին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքը հանդիսացած է Ռուսաստանի հետ դաշնակցային մօտ յարաբերութիւնները: Յաջորդական բոլոր կառավարութիւնները վարած են նոյն քաղաքականութիւնը, որուն կը հետեւին նաեւ ներկայ իշխանութիւնները: Հետեւաբար, բարձրացած աղմուկը անտեղի է ու չափազանցուած:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment