Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Վարակի Անկումի Մասին Դեռ Կանուխ է Խօսիլ

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Վարակի Անկումի Մասին Դեռ Կանուխ է Խօսիլ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակի անկումի մասին դեռ կանուխ է խօսիլ, այսօր լրագրողներուն հետ զրոյցին յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան։

«Ծայրայեղ ծանր դէպքերի մահացութեան տոկոսը շատ մեծ է, ծանր դէպքերի մահացութեան տոկոսն էլ է մեծ, հետեւաբար ակամայից մեծ թուերը կամ ակամայից չէ, շատ ուղիղ բերում են նաեւ մեծ մահացութեան, հետեւաբար միեւնոյնն է` բոլոր գործողութիւնները պէտք է ուղղուեն թուերի զսպմանը, ոչ թէ միայն հզօրութիւնների բարձրացմանը»,- ըսաւ նախարարը:

Նախորդ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերը աւելցած են 612-ով` հասնելով՝ 15281-ի, առողջացած են 173, մահացած ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւն ունեցող 13 մարդ։ Հայաստանի մէջ ժահրէն 258 մարդ մահացած է ։ Արձանագրուած է նաեւ «Քորոնա» ժահրի վարակը ունեցող, սակայն այլ հիւանդութեան պատճառով մահուան 4 դէպք։ Այդպիսի դէպքերուն ընդհանուր թիւը 86 է:

Այս պահուն հիւանդանոցներուն եւ տուներուն մէջ բուժում կը ստանայ 9298 մարդ։ Բժիշկները ծանր եւ ծայրայեղ ծանր կը գնահատեն 524 քաղաքացիի վիճակը, տեղեկացուց առողջապահութեան նախարարը.- «Ինչը շատ մեծ թիւ է, եւ այդ թիւը վերջին օրերին չի իջնում առնուազն եւ տատանուում է 500-ի շրջանակներում: Մահճակալային ծանրաբեռնուածութեան առումով (ռեանիմացիոն) վերակենդանացման բաժանմունքներում էլ տեղ ունենք, սակայն տեղ ունենալն ինքնին իրավիճակի դրական գնահատական չի կարող լինել, որովհետեւ մենք ծայրայեղ ծանրների մօտ ունենք մահացածութեան մօտ 70 տոկոս, ծանրների մօտ, ի հարկէ, աւելի քիչ, եւ թոքերի արհեստական օդափոխութեան սարքերի վրայ գտնուող քաղաքացիների մօտ 90 տոկոս մահացածութիւն ունենք: Հետեւաբար ասել, որ եկէք, միայն մեծ հզօրութիւններով բոլորին ընդունենք, դա կը նշանակէ չանել պատշաճ քայլեր, ինչքան հնարաւոր է շատ մարդ փրկելու ուղղութեամբ»:

Այս օրերուն կ’աւելնան բժշկական կեդրոնները, ուր կրնան բուժում ստանալ նաեւ Covid-ով հիւանդները։ Կան նաեւ հիւանդանոցներ, որոնք կը յայտարարեն, թէ պատրաստ են ընդունելու այս հիւանդութեամբ վարակուածները, սակայն նախարարութենէն թոյլտուութիւն չեն ստացած, օրինակ` «Նայիրի» բժշկական կեդրոնը, Հերացիի անուան Առաջին համալսարանական հիւանդանոցը։ Արսէն Թորոսեան ըսաւ, թէ պէտք է ըլլան բժշկական կեդրոններ, որոնք հեռու մնան «Քորոնա» ժահրէն, զուտ առողջապահական նկատառումներով.- «Որովհետեւ առողջապահութիւնը միայն «Քորոնա» ժահրով չի, որ զբաղուում է, այլ զբաղուում է բազմաթիւ այլ, մեր բոլորի հիւանդութիւններով։ «Նայիրին», ընդհանրապէս որոշում է կայացուել, որ ինքը չի մասնակցելու «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան բուժմանը, եւ դա ճիշդ որոշում է եղել, ու այդ որոշումն ուժի մէջ է»:

Թորոսեան ընդգծեց նաեւ, թէ դիմակը ճիշդ կրելու պարագային, վարակուածներու թիւը կը նուազի.- «100 տոկոս ճիշդ դիմակը 100 տոկոս ճիշդ կրելու դէպքում բոլորի կողմից բերում է վերարտադրողական ցուցանիշի մէկից իջեցման, իսկ մէկից իջեցում նշանակում է, որ 10 մարդը շարունակում է վարակել 9 մարդու, 9 մարդը` 8 մարդու, 8-ը` 7-ի եւ այդպէս շարունակ»:

Թէ երբ տեղի կ’ունենայ ժահրի էական նահանջ, դեռ պարզ չէ: Առողջապահական գերատեսչութեան ղեկավարը նկատել տուաւ, թէ նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրը յաղթահարած երկիրներուն մէջ, ցրտելուն պէս հիւանդութեան աշխուժանալու վտանգը մեծ է.- «Մենք էլ ենք պատրաստուում աշնանը, չնայած հիմա էլ խնդիրներ ունենք»:

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Հայաստանին օգնելու նպատակով Յունիս 13-ին, յատուկ չուերթով Ֆրանսայէն 10 բժիշկ կը ժամանէ Երեւան, հաւանաբար յաջորդ շաբաթ նաեւ Լիթուանիոյ բժիշկներու եւ փորձագէտներու խումբ կը ժամանէ, Ռուսաստանէն մօտ 50 բժիշկ եւս ցանկացած է գալ եւ աշխատիլ այստեղ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հետազօտութեան միջոցի արտադրութեան,   կենսաբանութեան ինսթիթութի տնօրէն Արսէն Առաքելեան «Ազատութեան» տեղեկացուց, թէ  հետազօտական միջոցի որոշակի քանակ փոխանցած են Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոն, փորձարկութեան համար.- «Փորձարկում են` համեմատելով իրենց մօտ առկայ հետազօտական միջոցներին »:

Թէ երբ կ’աւարտին փորձարկումները, Առաքելեան յստակ ժամկէտ չնշեց։ Կառավարութիւնը 550 հազար տոլար նախատեսած էր «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման  հետազօտական միջոցները այստեղ արտադրելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment